Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Բանանցի մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Բանանց-2 5-0 արդիւնքով յաղթեց Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին:
Արման Խաչատրեան հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Էտկար Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Բաբայեան նշանակեցին մէկական կոլ: