Փոխադարձ համաձայնութեամբ մը խզուեցաւ Բանանց Երեւանի եւ ակումբին 19 տարեկան յառաջապահ Օրբելի Համբարձումեանի միջեւ կնքուած պայմանագիրը, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Համբարձումեան, որ փետրուար 2015-ին միացաւ Բանանցին, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցեցաւ ընդամէնը միայն մէկ մրցումի, կը յայտնէ ArmSport.am:
Բանանց ֆութպոլի ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Համբաձումեանին` միացեալ աշխատանքի համար եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայի արհեստավարժ ասպարէզին գծով: