Մանչեսթըր Եունայթըտ կը շարունակէ իր բանակցութիւնները Պարսելոնայի հետ, անոր մարզիկին` Փետրոյի փոխանցման գծով համաձայնութեան գալու համար:
Կը նշուի, որ անգլիական ակումբը մտադիր չէ անոր փոխանցման համար 32 միլիոն եւրոյէն աւելի վճարել Պարսելոնային:
Նշենք, որ նախապէս կը հաղորդուէր, որ քաթալոնական ակումբը մտադիր չէ ծախելու իր յառաջապահը: