Պատրաստուելու համար Ասիոյ ֆութսալի ակումբներու ախոյեանութեան` Պէյրութի դրամատունը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Քուէյթի ախոյեանին` Քատիսիէի դէմ:
Մրցումը աւարտեցաւ Լիբանանի ախոյեանին յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով:
Պէյրութի դրամատան համար այս մրցումը եղաւ վերջին փորձ-մրցումը, նախքան Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ Սպահանի մէջ (Իրան):
Նշենք, որ Ասիոյ ախոյեանութեան գծով Լիբանանի ախոյեանը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` շաբաթ, 1 օգոստոսին, երբ ժամը 10:30-ին (Լիբանանի ժամանակացոյցով) մրցի Շանզեն Նանլինկի դէմ: