
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի միջնապահ Հայկ Գալստեան, որ հանդէս կու գար Հոֆընհայմի 17 տարեկանէն վար խումբին հետ, փոխեց իր տարիքային խումբը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ան այժմ մաս պիտի կազմէ գերմանական ակումբին 19 տարեկանէն վար խումբին:
Նշենք, որ Գալստեան այժմ կը գտնուի Հայաստան եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ պիտի մեկնի Իսրայէլ` բարեկամական մրցումներ կատարելու համար:
Գալստեան շատ հաւանաբար Հոֆընհայմի իր խմբակիցներուն միանայ 14 օգոստոսին: