Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին:
Սպարտակ Մոսկուա, որ մրցեցաւ Քրասնոտարի դէմ, նուազագոյն հաշիւով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Սպարտակի այս յաղթանակը կերտողը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ 13-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Այսպիսով, ան իր կազմին հետ այս նոր տարեշրջանին նշանակեց իր առաջին կոլը:
Նշենք, որ Արազ Օզպիլիս իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սպարտակ այժմ ունի 4 կէտ:
3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սպարտակ 3 օգոստոսին իր դէմ պիտի ունենայ Ռուպինը: