Իր գումարած մէկ ժողովին ընթացքին, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան տուաւ շարք մը որոշումներ:
Մերժուեցան ֆետերասիոնի երկու անդամներուն` Միշել Ռըզքալլայի եւ Ժորժ Քուփալիի ներկայացուցած հրաժարականները, եւ անոնց յանձնարարուեցաւ շարունակել իրենց աշխատանքը ֆետերասիոնին մէջ:
Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած` Ահմետ Արաքժիէ, Փիեռ Հանիէ (ֆետերասիոնի անդամներ) եւ Քամիլ Մըրհապէ (միջազգային իրաւարար), որոնց տրուեցաւ 30 օրուան ժամանակամիջոց մը` ֆետերասիոնին մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցելու համար Նատուա Քամաթիէ – Լիուա Սայտա (Լիբանանի Ա. դասակարգի տղոց խմբային ախոյեանութիւն, վերջին հանգրուան) մրցումին արդիւնքին շուրջ տեղի ունեցած հարցին գծով շրջան ընող տարաձայնութիւններուն մասին:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան պիտի մասնակցի Արաբական 15-րդ ախոյեանութեան (անհատական եւ զոյգի), որ տեղի պիտի ունենայ 13-19 օգոստոսին` Ամմանի մէջ (Յորդանան):