Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Միկել Հերերա երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ պաշտօնանկ եղաւ` նկատի ունենալով, որ ան հարուածեց լրագրողի մը, որ քննադատեց խումբին ներկայացումները` «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին:
«Լսելէ ետք այս ուղղութեամբ շատերու կարծիքը, որոշեցի պաշտօնանկ ընել խումբին մարզիչը», ըսաւ մեքսիքացի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Տեսիօ տը Մարիա:
Նշենք, որ այդ լրագրողն էր Քրիսթիան Մարթինոլի, որ մեքսիքական «Ազթեքա» պատկերասփիւռի կայանին մարզական մէկ լրագրողն է:
Տը Մարիա եզրափակեց նշելով, որ սեպտեմբերին պիտի յայտարարուի Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին նոր մարզիչին անունը: