Արհեստավարժ կռփամարտիկ, միջին կարգի աշխարհի նախկին ախոյեան ամերիկացի Պեռնար Հոփքինզ կ՛ուզէ մենամարտիլ WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի դէմ, կը յայտնէ ArmSport.am լրատուական կայքը` մէջբերելով «Պոքսինկսին»-ի հրապարակած լուրէն բաժիններ:
«Ասպարէզս չեմ աւարտած ցարդ եւ գործող կռփամարտիկ եմ: Յոյս ունիմ, որ ինծի առիթ մը կ՛ըլլայ` պայքարելու համար Աբրահամի դէմ, WBO-ի վարկածի տիտղոսին համար», ըսաւ 50 տարեկան Հոփքինզ:
Նշենք, որ Հոփքինզ առաջին կռփամարտիկն է, որ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած է 4 հիմնական, ինչպէս նաեւ «ռինկ» ամսագիրի վարկածներով: