Հայաստանի կռփամարտի մեծերու հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ, Ծաղկաձորի մէջ իր վերջին փորձերը կը կատարէ, նախքան Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան սկսիլը:
Այս տարի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը կը նկատուի շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ 1-16-րդ դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը: Իսկ աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին մարզիկները պիտի փորձեն ձեռք ձգել ողիմպիական խաղերու տոմս:
Նշենք, որ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ բոլոր դասակարգերու մրցումներուն` հետեւեալ ձեւով.
Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ), Սամուէլ Բարսեղեան (60 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (64 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Արման Յովհիկեան (75 քկ), Նիկոլ Արութիւնով (81 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ) եւ Ռաֆայէլ Սիմոնեան (գերծանր կշիռ):
ArmSport.am կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Հայաստանի հաւաքականը Պուլկարիա պիտի մեկնի 4 օգոստոսին: