«Մարքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս հանդիպում մը ունեցած է արքայական ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերեսի հետ եւ համաձայնութեան եկած իր պայմանագիրը երկարաձգելու գծով:
Ռամոս ըսաւ, որ իրեն համար նիւթականը այդքան ալ կարեւոր չէ: Էականը, շեշտեց Ռամոս, Ռէալի հետ ըլլալն է:
Կը կարծուի, որ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին պայմանագրութեան երկարաձգման գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յստականան: