Մարզական

«Լա Լիկա». Նէյմար Նշանակեց Պարսելոնայի 4 Կոլերը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա, իրենց դաշտերուն վրայ պարտութեան մատնելով իրենց մրցակիցները, ապահովեցին տարեշրջանի իրենց 18-ական կէտը: Արքայական խումբը` Ռէալ Մատրիտ, շուրջ 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 3-0 արդիւնքով յաղթեց Լեվանթէի: Յաղթական կազմին 2-րդ կոլը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (30-րդ): Պարսելոնա - Ռայօ Վայեքանօ մրցումին (5-2) աստղը հանդիսացաւ պրազիլցի Նէյմար, որ նշանակեց 4 կոլ...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրնի 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը. Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

«Պունտըսլիկա». Պայէրնի 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը. Մխիթարեան` Կոլի Հեղինակ

Պայէրն Միւնիխի մարզիկները Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները, որոնց ընթացքին պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով վերադառնալով Վերտըր Պրեմընի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Թոմաս Միւլըր (23-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Պայէրն, որ ունեցաւ 27 կէտ, եօթը կէտով կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց`...

«Քալչիօ». Ինթեր Միլան – Եուվենթուս` 0-0

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Ֆիորենթինա 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նափոլիի դաշտին վրայ, սակայն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով Ա. Էս. Ռոման (2-րդ) եւ Ինթեր Միլանը (3-րդ): Ինչ կը վերաբերի շաբթուան գագաթի` Ինթեր Միլան - Եուվենթուս մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով` աւելի քան 79 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Արսէն Վենկեր 2017-ին Պիտի Հեռանայ Արսենալէն

Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտէն ետք պիտի չըլլայ լոնտոնեան խումբին հետ: «Միրըր», որ հաղորդեց այս լուրը, նաեւ նշեց, որ ֆրանսացին պիտի սպասէ իր պայմանագրութեան աւարտին, որմէ ետք պիտի հեռանայ լոնտոնեան կազմէն:  

«Փրեմիեր Լիկ». Բոլոր Մեծերն Ալ Յաղթական, Բացի` Լիվըրփուլէն

Ռահիմ Սթերլինկ (կեդրոնը) Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, բացի Լիվըրփուլէն բոլոր մեծ խումբերը յաղթանակ արձանագրեցին: Մանչեսթըր Սիթի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Պուրնըմաութը: Ռահիմ Սթերլինկ հեթրիք մը իրագործեց (7-րդ, 29-րդ եւ 45-րդ): Սիթիէն 2 կէտով ետ մնացող Արսենալ (2-րդ) եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (3-րդ) իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Ուաթֆորտի (3-0) եւ...

Հարցազրոյց` ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Ներկայացուցչական Խումբի Մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեանի Հետ

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Ինչպէս ծանօթ է, երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը` Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 18 հոկտեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Խումբին պատրաստութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «ԱԶԴԱԿ» երէկ յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հայրենի մարզիչ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Հիլալ Հարեթ Նաամէ

ՀՄԸՄ-ի երէկուան փորձերէն Երէկ` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան երկուքական ճակատումներ` Ա. եւ Բ. դասակարգերուն մէջ: Սաֆա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ռասինկը, մինչ Անսար հիւսիսի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թրիփոլիի հետ: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգին, Թատամոն Սուր 3-0 արդիւնքով յաղթեց Շեպիպեթ Մազրաային, մինչ Ահլի Նապաթիէ` Ամալ...

Արթուր Դաւթեան Կը Մասնակցի Մարմնամարզութեան Աշխարհի Ախոյեանութեան

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան վերջնականապէս հաստատեց մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանի մասնակցութիւնը` աշխարհի ախոյեանութեան: «Արթուրը համեմատաբար աւելի լաւ է: Ան ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին թէեւ ոչ ամբողջական փորձ կատարեց, բայց բաւական լաւ վիճակի մէջ է: Մրցավայր պիտի մեկնինք ամբողջական կազմով», Սերոբեանի խօսքերը կը մէջբերէ Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը մրցավայր կը մեկնի այսօր` շաբաթ,...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ինթեր Միլան – Եուվենթուս

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք հետաքրքրական մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Ինթեր Միլան - Եուվենթուս մրցումը: Նշենք, որ ներկայիս Եուվենթուս իր լաւ օրերուն մէջ չէ սակայն: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Թոթենհամ (8) - Լիվըրփուլ (10) 14:45 Չելսի (16) - Ասթոն Վիլա (18) 17:00 Քրիսթալ Փալաս...

ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան Կրնայ Նահանջել Մինչեւ 126-րդ Դիրք

5 նոյեմբերին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Կը կարծուի, որ Հայաստան պիտի նահանջէ 35 դիրքով եւ հրապարակուելիք նոր դասաւորման մէջ գրաւէ... 126-րդ դիրքը, կը յայտնէ TotalFootball.am:

Հայկական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Տեղի Կ՛ունենան 10-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի  հանդիպումները տեղի կ՛ունենան այս շաբաթավերջին: Ալաշկերտ, որ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, վաղը յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ալաշկերտը (առաջին հանդիպումը` 2-2): Փիւնիկ (2-րդ) դարձեալ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ֆութպոլի ակադեմիային մէջ կը հիւրընկալէ Արարատը (առաջին մրցում` 1-1): Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին Միքա,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Ազդանշանը Կը Տրուի 2015-2016 Տարեշրջանին

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ազդանշանը կը տրուի այսօր` ուրբաթ, 16 հոկտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան երկուքական մրցումներ: Ռասինկ կը մրցի Սաֆայի դէմ, իսկ Թրիփոլի կը հիւրընկալէ Անսարը: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգին, Ահլի Նապաթիէի մրցակիցն է Ամալ Մաարաքէ, իսկ օրուան երկրորդ մրցումը իրարու դէմ կը հանէ Շեպիպեթ Մազրաան եւ Թատամոն Սուրը: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր...

Վեթերան Ըմբիշ Ժորա Յովհաննիսեան` Աշխարհի 14-Ակի Ախոյեան

Ըմբշամարտի վեթերաններու աշխարհի ախոյեանութեան Դ. դասակարգի 58 քկ-ի մրցումներուն ոսկիէ մետալին տիրացաւ վեթերաններու աշխարհի 14-ակի ախոյեան վանաձորցի Ժորա Յովհաննիսեան, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Լուրը հաղորդող ArmSport.am աւելցուց, որ հայ ըմբիշը աւարտականի 12-1 արդիւնքով յաղթեց ճափոնցի Սուսումու Հաշիուրային` հռչակուելով աշխարհի 14-ակի ախոյեան: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը սկսաւ 13 հոկտեմբերին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ: Յայտնենք նաեւ, որ այս ախոյեանութեան առաջին...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Նպատակայարմար Չի Գտներ Մեկնաբանել Ալպանիոյ Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին Մասին Վերջին Լուրերը

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը չի մեկնաբաներ սերպական լրատուամիջոցներուն տարածած տեղեկութիւնը, ըստ որուն, Ալպանիոյ հաւաքականը կաշառք տուած է Հայաստանի հաւաքականին մարզիկներուն` Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որպէսզի Ալպանիան յաղթանակ արձանագրէ: www.sport-express.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս նիւթին շուրջ իր պաշտօնական կարծիքը պիտի յայտնէ մօտիկ ապագային: Ներկայիս Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նպատակայարմար չի գտներ մեկնաբանել այդ տեղեկութիւնները,...

Յորդանանի Արքայազունը Պաշտօնապէս Դարձաւ ՖԻՖԱ-ի Նախագահի Թեկնածու

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով` Յորդանանի արքայազունը` Ալի Պըն Հիւսէյն, իր թեկնածութիւնը առաջադրեց ՖԻՖԱ-ի նախագահի յառաջիկայ ընտրութիւններուն: Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի` ՖԻՖԱ-ի արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 փետրուար 2016-ին: Նշենք, որ այս տարուան սկիզբը Ալի Պըն Հիւսէյն իշխանը մասնակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն պարտուեցաւ Սեփ Պլեթըրէն:  

Սանթոս ՖԻՖԱ-էն Կը Պահանջէ 6 Ամիսով Կախակայել Նէյմարը

As.com կը հաղորդէ, որ պրազիլական Սանթոս ֆութպոլի ակումբը ՖԻՖԱ-էն պահանջած է, որ 6 ամիսով կախակայէ իր նախկին ֆութպոլիստը` Նէյմարը, որ ներկայիս մաս կը կազմէ Պարսելոնայի: Ատկէ բացի, Սանթոս յոյս յայտնած է, որ նաեւ 55 միլիոն եւրոյի փոխհատուցում ստանայ: Սանթոս կը բողոքէ նշելով, որ Նէյմարի Պարսելոնա տեղափոխութիւնը կատարուած է կաշառքով, ինչ որ կը նշանակէ ՖԻՖԱ-ի կանոններու խախտում: Նշենք, որ աւելի առաջ...

«Պունտըսլիկա». Այսօր` Մայնց-05 – Պորուսիա Տորթմունտ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 9-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Պորուսիա Տորթմունտ հիւրը կ՛ըլլայ Մայնց-05-ի: Տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսած, սակայն վերջին քանի մը հանգրուաններուն կաղացում արձանագրած Տորթմունտ այժմ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` 7 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխէն, որ ունի 24 կէտ: Մայնց-05 12 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը: Ցարդ անպարտելի միակ խումբը` Պայէրն Միւնիխ, վաղը հիւրը...

Եուրօ-2016. Աւարտականի Ամէնէն Աժան Տոմսակը` 1310 Եւրօ

Goal.com կայքը կը հաղորդէ, որ արդէն իսկ յստակացած են Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն տոմսերուն գիները: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն տոմսերուն գիները կը տարուբերին 235-էն 11,750 եւրոյի միջեւ: Ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ, ամէնէն աժան տոմսին գինը կ՛արժէ 1310 եւրօ: Ինչպէս ծանօթ է, աւարտականի այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող երկիրն է...

Եուրօ-2016.  Հոլանտա, Ուքրանիա, Շուէտ, Նորվեկիա Եւ Դանիա Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն. Անգլիա` Անպարտելի

Եուրօ-2016. Հոլանտա, Ուքրանիա, Շուէտ, Նորվեկիա Եւ Դանիա Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն. Անգլիա` Անպարտելի

Հոլանտական յուսախաբութիւն Ռոպերթ Լեւանտովսքի Քանի մը օր առաջ վերջ գտան Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, երբ վերջնականապէս յստակացան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին աւարտական հանգրուանին: 20 խումբեր, որոնց կարգին մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսա (որ զտումի մրցումներուն չմասնակցեցաւ), իրենց մրցակիցներուն անունները պիտի իմանան կիրակի, 18 հոկտեմբերին, երբ տեղի ունենայ վիճակաձգութիւնը: Մրցաշարքը, պիտի շարունակուի առանց կարգ մը մեծ խումբերու, որոնց կարգին...

«Լիկ-1». Այսօր` Մոնաքօ – Լիոն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր տեղի կ՛ունենայ հետաքրքրական մրցում մը` Մոնաքոյի եւ Լիոնի միջեւ: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ ցարդ անպարտելի է, վաղը հիւրը պիտի ըլլայ Պասթիայի: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Մոնաքօ (10) - Լիոն (6) 21:30 ՇԱԲԱԹ Պասթիա (13) - Փարիզ Սեն...

Page 1173 of 1275 1 … 1,172 1,173 1,174 … 1,275

Արխիւներ