Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի ազդանշանը տրուելէն մէկ շաբաթ առաջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շաբաթ, 10 հոկտեմբերին, ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը կատարեց հիւսիսեան կազմերէն Ռիատա Ուալ Ատապի դէմ, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Մրցումը աւարտեցաւ 4-1 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Սագօ Ազնաւուրեանի նշանակած կոլին (27-րդ): Ապա Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ նշանակեց 3 կոլ եւս` շնորհիւ Սերժ Չաքըրեանի (48-րդ), Գէորգ Օհանեանի (60-րդ) եւ Քրիսթիան Թիմունեանի (68-րդ):
Ռիատա Ուալ Ատապ իր կոլը նշանակեց փենալթիով` 65-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այս մրցումը եղաւ լաւագոյն առիթը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ դաշտ ներկայանան եւ տարեշրջանին նախօրեակին իրենց ունեցած բոլոր յատկութիւնները ցոյց տան դաշտին վրայ: