Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը նախորդ շաբաթասկիզբին ունեցաւ պասքեթպոլի իր նոր յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ 6 անդամներէ:
Նախանցեալ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ վարչութիւն – նոր յանձնախումբ – մարզիկներ հանդիպում մը, որուն ընթացքին բոլորն ալ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս մեծ նուիրումով պատրաստակամութիւն յայտնեցին ծառայելու ՀՄԸՄ-ին, իրենց ամէն կարելին ընելով մի՛շտ բարձր պահելու միութեան անունը եւ տպաւորիչ ու նախանձելի արդիւնքներ ձեռք ձգելու նոր տարեշրջանին:
Նախքան այս հանդիպումը, նոր յանձնախումբը կատարեց պաշտօններու բաժանումը` հետեւեալ ձեւով.
Թալին Խաչատուրեան (ատենապետ), Փոլ Ճալըֆեան (հաշուապահ), Գէորգ Արոյեան (ատենապետ), Յակոբ Ճերենեան, Կարէն Սալխանեան եւ Մկօ Օտապաշեան (անդամներ):