Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Գերմանիա յաղթանակով աւարտեց Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, երբ իր կատարած վերջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի:
Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Թոմաս Միւլըր, որ 50-րդ վայրկեանին փենալթիով կոլ նշանակեց, հաւասարեցաւ Կերթ Միւլըրի, որ անցեալին Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն նշանակած էր 12 կոլ:
Սակայն յառաջատարն է Միրոսլաւ Քլոզը, որ 2014-ին աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: