Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Շիքակոյի Մարաթոնը (42,195 քմ), որուն ընթացքին լիբանանցի Շիրին Նըժէյմ (Շանվիլ) լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ արձանագրեց 2 ժամ 46 վայրկեան եւ 41 երկվայրկեան արդիւնք մը:
Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Մարիա Փիա Նաամէի (3 ժամ 00′ 02″):
Շիքակոյի այս մարաթոնին Նըժէյմ աղջկանց դասաւորման մէջ գրաւեց 30-րդ դիրքը, մինչ հանդիսացաւ 8-րդ` 30-35 տարեկան դասակարգին մէջ: