Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սոչիի (Ռուսիա) կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
«Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն յաւելեալ 25 կէտ եւս աւելցուց իր կէտերուն վրայ, երբ գրաւեց առաջին դիրքը` արձանագրելով 1 ժամ 37′ 11″ արդիւնք մը:
Փոտիումին վրայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց Հեմիլթընը, որ այսպիսով տօնեց տարեշրջանի իր 9-րդ, իսկ իր ասպարէզին 42-րդ տիտղոսը:
5″ ուշացումով 2-րդ դիրքը գրաւեց գերմանացի Սեպասթիան Վեթել («Ֆեռարի»), մինչ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ մեքսիքացի Սերճիօ Փերեզ («Ֆորս-Ինտիա»), որ 28″ ուշացումով հասաւ ժամանման գիծ:
Հեմիլթընի արձանագրած այս յաղթանակը մեծապէս նպաստեց անոր խումբին` «Մերսետես»-ին, որ ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ ապահովէ խմբային տիտղոսը` ունենալով 531 կէտ: Անոր ամէնէն մօտիկ մրցակիցը` «Ֆեռարի» ունի 359 կէտ, մինչ երրորդ դիրքը կը գրաւէ Ուիլիըմզ` 220 կէտով:
Ինչ կը վերաբերի վարորդներուն ընդհանուր դասաւորման, Հեմիլթըն ունի 302 կէտ, Վեթել` 236, մինչ երրորդ դիրքին վրայ 229 կէտով կը գտնուի Նիքօ Ռոզպըրկ (Գերմանիա, «Մերսետես»):