Հսկողութեամբ ասիական եւ միջազգային թենիսի ֆետերասիոններուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» (Քասլիք) այս ամսուան ընթացքին կը հիւրընկալէ միջազգային երկու մրցաշարքեր:
Առաջինը տեղի կ՛ունենայ 4-17 հոկտեմբերին եւ յատկացուած է 13 տարեկանէն վար դասակարգերուն:
Իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ 19-22 նոյեմբերին` տղոց եւ աղջկանց (անհատական եւ զոյգի) դասակարգերուն մէջ:
Այս մրցաշարքերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 8 երկիրներէն 40 մարզիկներ. Աֆղանիստան, Իրան, Իրաք, Յորդանան, Քուէյթ, Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Լիբանան:
Նշենք, որ մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր:
Լիբանանի կազմերը կը բաղկանան հետեւեալ մարզիկներէն.
ՏՂԱՔ.- Ռիշար Հաժ (մարզիչ), Ժալալ Սատեք, Մարքօ Ազար, Էտուարտ Լահուտ, Անտրէ Ֆըթըրպաթց եւ Մուսթաֆա Նաթուր (մարզիկներ):
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- Իպրահիմ Շալըհ (մարզիչ), Նուր Տիպ, Միրիամ Մասսուտ, Աննա-Մարիա Հայեք եւ Լեթիսիա Ռըզք (մարզիկներ):