Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան Հայաստան մնաց առանց մասնակիցի:
64 քկ դասակարգին մէջ, Յովհաննէս Պաչքով քառորդ աւարտականին պարտուելով քուպացի իր մրցակիցէն` Լոփես Թոլետոյէն, դուրս մնաց պայքարէն:
Քաթարի մէջ Հայաստանը կը ներկայացնէին 3 կռփամարտիկներ:
Զտումի մրցումներուն պարտուեցաւ Արամ Աւագեան (56 քկ), մինչ 52 քկ դասակարգին մէջ 1-8-րդ հանգրուանին անյաջողութիւն ունեցաւ Կորիւն Սողոմոնեան: