Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալեսանտրօ Տել Փիեռօ յայտնեց, որ շատ բան սորված է Մարչելօ Լիփփիէն, Ֆապիօ Քափելլոյէն եւ Քարլօ Անչելոթթիէն:
«Այժմ կը հաստատեմ, որ պատրաստ եմ սկսելու մարզիչի իմ ասպարէզս, որովհետեւ բաղդատմամբ երեք տարի առաջ իմ կատարած յայտարարութեանս, այժմ բաւական լաւ նախատրամադրուած եմ այդ գծով: Կրնամ ըսել, որ անոնց երեքին հետ գործակցելով, շատ մեծ յառաջխաղացք արձանագրած եմ: Անոնց շնորհիւ հասկցայ, որ խումբը պէտք է առաջնորդուի համեստութեամբ, խելքով եւ անսահման համբերութեամբ», Տել Փիեռոյի խօսքերը կը մէջբերէ «Սքայ Սփորթ Իթալիա»-ն: