Հարաւային Քորէայի Մունկ Եոնկ քաղաքին մէջ կը շարունակուին համաբանակային 6-րդ ամառնային խաղերը:
Նախորդ շաբաթավերջին մրցասպարէզ դուրս եկաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Կարէն Ասլանեան` մասնակցելով 66 քկ դասակարգի մրցումներուն, կը յայտնէ ArmSport.am:
Երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան նախկին ախոյեանը պայքարը սկսած էր 1-8-րդ հանգրուանէն, ուր 9-4 արդիւնքով յաղթած էր ուքրանացի Տենիս Տեմիանքովին: Ապա ան իր կատարած յաջորդ մրցումին 11-2 արդիւնքով յաղթեց Տաւիտ Քարեչինսքիին (Լեհաստան):
Կիսաւարտականին տեղի ունեցած բաւական լարուած պայքարի մը ընթացքին, Ասլանեան 10-9 արդիւնքով յաղթեց եգիպտացի Հիւսէյն Մոհամետի:
Հասնելով աւարտականին, հայ ըմբիշը 6-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Ճի Հուն Քիմէն (Հարաւային Քորէա), դարձաւ համաբանակային 6-րդ ամառնային խաղերու արծաթէ մետալակիր, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Այսպիսով, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ մետալին, Սարգիս Քոչարեանէն ետք (80 քկ), որ տիրացած էր պրոնզ մետալի: