Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Քուէյթ հասաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ վաղը` երեքշաբթի, 13 հոկտեմբերին զտումի մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ` 2018-ի մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի զտումի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քուէյթի դաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 19:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լիբանանի ազգային խումբը ամէնօրեայ դրութեամբ երկու անգամ փորձեր կը կատարէ` պատրաստուելու համար այս մրցումին: