Մարզական

Մովսիսեան 2 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վնասուածք ստացաւ Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, կը յայտնէ ArmSport.am: Սպարտակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մովսիսեան 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:  

«Եուրոփա Լիկ». Կապալա – Տորթմունտ Մրցումին Իրաւարարը` Խրուաթ Պեպեք

Վաղը, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, Պորուսիա Տորթմունտ կը մեկնի Ազրպէյճան, ուր կը մրցի տեղւոյն կազմերէն Կապալայի դէմ: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: Իր լուրը քաղելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Իվան Պեպեք (Խրուաթիա): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ 2-0 Արդիւնքով Պարտուած Հեռացաւ Լոնտոնէն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Արսենալ Լոնտոնի մէջ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պայէրն Միւնիխը` այսպիսով արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը: Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Պայէր Լեւերքուզըն - Ա. Էս. Ռոմա մրցումը` 4-4 հաւասարութեամբ: Նոյն խմբակին մէջ, Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթեց ՊԱԹԷ Պորիսովի: Իվան Ռաքիթիչ նշանակեց Պարսայի 2 կոլերը: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն...

Թոթենհամի Նախկին Ֆութպոլիստը Կ՛ուզէ ՖԻՖԱ-ի Նախագահ Դառնալ

Անգլիական Թոթենհամի նախկին ֆութպոլիստ Ռամոն Վեկա մտադիր է իր թեկնածութիւնը առաջադրել ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 26 փետրուար 2016-ին: Ինչպէս կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»-ն, 44 տարեկան զուիցերիացին կ՛ըսէ, թէ ինչպէս ֆութպոլին մէջ, նոյնպէս ալ տնտեսական հարցերուն մէջ բաւականաչափ փորձառութիւն ունի եւ անոնց հիման վրայ կրնայ ղեկավարել ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն: Նշենք, որ Վեկա 2004-ին ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ...

Պասթիայի Զայրացած Համակիրները 1 Միլիոն Եւրօ Վնաս Կը Հասցնեն

Պասթիա խումբին համակիրները նախորդ շաբաթավերջին իրենց դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Փարիզ Սեն Ժերմենէն («Լիկ-1»), իրենց զայրոյթը չկարենալով զսպել, յարձակեցան մարզադաշտին մօտակայքը գտնուող «Ֆուրիանի» առեւտրական կեդրոնին վրայ: ԱՖՓ-ի հաղորդումով, այդ յարձակումէն տուժած են նաեւ առեւտրական այդ կեդրոնին մէջ գտնուող դրամատուներուն գրասենեակները եւս: Նախնական տուեալներու համաձայն, վնասը կը գնահատուի 1 միլիոն եւրոյով:

Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Պենֆիքա Տուգանքի Ենթարկուեցան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր գումարած վերջին ժողովին ընթացքին տուգանքի ենթարկեց Աթլեթիքօ Մատրիտն ու Պենֆիքան` նախորդ 30 սեպտեմբերին երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ արձանագրուած միջադէպերուն պատճառով: Աթլեթիքօ 11 հազար եւրօ, իսկ Պենֆիքա` 20 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցան: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտնեց, որ յառաջիկայ 2 տարուան ընթացքին եթէ նմանօրինակ դէպքեր կրկնուին, Պենֆիքա իր մէկ...

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիրացաւ Մատրիտի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, գերազանց ելոյթ ունենալով եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, մրցաշարքին տիտղոսին տիրացաւ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը աւելցուց, որ այս մրցաշարքին Հայաստանէն կը մասնակցէր այլ կրանտմասթըր մըն ալ` Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ ապահովելով 7 կէտ, լրացուցիչ չափանիշներով գրաւեց...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Մասնակցի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան

Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին: Ախոյեանութեան մասնակցող 24 խումբերը բաժնուած են 2 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 12 խումբ: Բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Սփորթ Ֆիլի դէմ: Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ կը մասնակցի Լիբանանի ախոյեանութեան` մրցումները սկսելով...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Արսենալ – Պայէրն Միւնիխ, Վաղը` Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի կ՛ունենան խմբակներու դրութեամբ, Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը պիտի կատարուին 8-ական ճակատումներ: Նշենք, որ ցարդ միայն վեց խումբեր` Պայէրն Միւնիխ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, Ռէալ Մատրիտ, Փարիզ Սեն Ժերմեն, Պենֆիքա եւ Եուվենթուս արձանագրած են 2-ական յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտերը: Այսօր բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ Արսենալ - Պայէրն Միւնիխ մրցումը,...

Վաթցքէ. «Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Չմեկնի Ազրպէյճան»

Պորուսիա Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս Եոաքիմ Վաթցքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար չմեկնի Ազրպէյճան եւ բացակայի տեղւոյն կազմերէն Կապալայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն («Եուրոփա լիկ»): Այս մրցումը (Գ. խմբակ) տեղի պիտի ունենայ 22 հոկտեմբերին: «Մենք ուսումնասիրեցինք իրավիճակը: Նկատի ունենալով, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան իրարու հետ քաղաքական հարցեր ունին, մենք պէտք...

Մարքոս Փիցելլի Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Աքթոպէ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Փաւլոթարին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի 50-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի մը հեղինակը, իսկ մրցումին վերջին վայրկեաններուն օգնեց իր խմբակիցին, որպէսզի նշանակէ յաղթանակի կոլը` հանդիսանալով կոլի փոխանցման հեղինակ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աքթոպէ այժմ 31 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Ռոնալտօ Գերազանցեց Ռաուլը

Նախորդ շաբաթավերջին «Լա լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Լեվանթէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (3-0) կոլ մը նշանակելով արքայական ակումբին հետ, 310 մրցումի ընթացքին դարձաւ 324 կոլի հեղինակ: Այսպիսով, ան կոտրեց ակումբին նախկին յառաջապահ Ռաուլ Կոնզալեսի հաստատած մրցանիշը: Վերջինս նշանակած էր 323 կոլ` 741 մրցումի ընթացքին:

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Նահանջեց 3-րդ Դիրք` Իր Տեղը Զիջելով Շիրակին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ ամրապնդեց իր դիրքը` 3-0 արդիւնքով յաղթելով Բանանցի: Օգտուելով Փիւնիկի Միքայէն կրած պարտութենէն (1-0)` Շիրակ գրաւեց 2-րդ դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Միքայի: Վերջապէս, չորրորդ եւ վերջին մրցումը` Ուլիսի եւ Գանձասար-Կապանի միջեւ, աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Ստորեւ դասաւորումը` 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք.   Յ. Հ....

Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի հիւսիսարեւելեան խմբակի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Նոյշթրելից 3-2 արդիւնքով յաղթեց Շիենպերկուի խումբին: Յաղթական կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց հայ յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, կը յայտնէ ArmSport.am: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, արդէն իսկ նշանակած է 5 կոլ: Իսկ անոր կազմը այժմ 17 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: Նշենք, որ Ադամեան 2013-ի ամրան մասնակցած է 2014-ի Մոնտիալի Հայաստան -...

Եուրօ-2016. Փլէյ-Օֆի Վիճակաձգութեան Արդիւնքը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին փլէյ-օֆի վիճակաձգութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր: Իրարու դէմ պիտի մրցին Ուքրանիա - Սլովենիա, Շուէտ - Դանիա, Պոսնիա - Իրլանտա եւ Նորվեկիա - Հունգարիա: Մինչեւ 25 հոկտեմբեր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պիտի հրապարակէ մրցումներուն վայրերը եւ օրերը:    

Գեւգէոզեան` Կոլի Հեղինակ

Մաուրօ Գեւգէոզեան Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լիմայի Ալիանսան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Եունիոն Քոմերսիոյի հետ: Մրցումին վերջին կոլը 78-րդ վայրկեանին նշանակեց Ալիանսայի յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան: Ան դաշտ ներկայացած էր 68-րդ վայրկեանին: ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ ան նախորդ հանգրուանին եւս կոլ նշանակած էր: Ապահովելով 8 կէտ, այժմ Ալիանսա կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը:  

Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում  Ունեցած Է Մաթվիենքոյի Հետ

Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մաթվիենքոյի Հետ

Կիրակի, 18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան Ժընեւի մէջ, Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնակցային  խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ: Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` քննարկուած են երկու երկիրներուն կողմէ միջազգային հարթակներուն վրայ իրականացուող աշխատանքներուն  մանրամասնութիւնները: Մաթվիենքոն անդրադարձած է հայ - ռուսական փոխյարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Սկսաւ Հաւասարութեամբ (0-0)` Բաւական Տպաւորիչ Մրցում Մը Կատարելով

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Սկսաւ Հաւասարութեամբ (0-0)` Բաւական Տպաւորիչ Մրցում Մը Կատարելով

ՀՄԸՄ-ի երէկուան մրցումին մասնակցած կազմը Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի 6 մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց երէկ յետմիջօրէին, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հիլալ Հարեթ Նաամէն: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ թէեւ մրցումը պիտի սկսէր յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, սակայն անիկա սկսաւ շուրջ...

Ժիւտօ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի 3 Մարզիկով

23-25 հոկտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժիւտոյի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 3 մարզիկով: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը այժմ Աբովեանի մարզահամալիրին մէջ կը նախապատրաստուի այս ախոյեանութեան, կը յայտնէ հայկական լրատու աղբիւրներէն ArmSport.am: Կազմը Ապու Տապի կը մեկնի 21 հոկտեմբերին: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի աւագ մարզիչ Մարտին Սարգսեան յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց....

Դաւիթ Եուրչենքօ Ելոյթ Պիտի Չունենայ Հայաստանի Հաւաքականին Հետ

Ուֆայի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ ելոյթ պիտի չունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Եուրչենքօ հայկական արմատներ ունի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անոր հետ բանակցութիւններ կը կատարէր, որպէսզի ան միանայ հաւաքականին: «Ներկայիս բանակցութիւններ չեն կատարուիր, բայց ես կ՛ուզէի ըսել հետեւեալը. շատ շնորհակալ եմ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ինծի ուղղուած այս հրաւէրին համար: Սակայն...

Page 1172 of 1275 1 … 1,171 1,172 1,173 … 1,275

Արխիւներ