Ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին:
Ախոյեանութեան մասնակցող 24 խումբերը բաժնուած են 2 խմբակի, իւրաքանչիւրը` 12 խումբ:
Բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Սփորթ Ֆիլի դէմ:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄ կը մասնակցի Լիբանանի ախոյեանութեան` մրցումները սկսելով Բ. դասակարգէն:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը.
Վահան Համամճեան, Արամ Աւետիսեան, Քրիստ Յովսէփեան, Սարհատ Արիստակէսեան, Ռոստոմ Թութիկեան, Զաւէն Տէր Պետրոսեան (յանձնախումբի անդամներ), Սեպուհ Պապիկեան (մարզիչ), Աւօ Սարգիսեան, Նարեկ Դաւիթեան, Կարէն Կիւրիւնեան, Ներսէս Պէրպէրեան, Գէորգ Գարաճապելեան, Երուանդ Մանասերեան, Գէորգ Մանասերեան, Կարօ Շատոյեան, Նարեկ Յարութիւնեան, Արեգ Թասլաքեան, Զաւէն Տէր Պետրոսեան, Գօգօ Տիշչեքենեան, Ռաֆայէլ Այվազեան, Սերժ Տօնապետեան եւ Կարօ Գաբուճեան (մարզիկներ):