Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Լիմայի Ալիանսան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Եունիոն Քոմերսիոյի հետ:
Մրցումին վերջին կոլը 78-րդ վայրկեանին նշանակեց Ալիանսայի յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան: Ան դաշտ ներկայացած էր 68-րդ վայրկեանին:
ArmSport.am կայքը հաղորդեց, որ ան նախորդ հանգրուանին եւս կոլ նշանակած էր:
Ապահովելով 8 կէտ, այժմ Ալիանսա կը գրաւէ դասաւորման 12-րդ դիրքը: