Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին, Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին վնասուածք ստացաւ Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, կը յայտնէ ArmSport.am:
Սպարտակի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մովսիսեան 2 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: