
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Աքթոպէ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Փաւլոթարին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի 50-րդ վայրկեանին դարձաւ կոլի մը հեղինակը, իսկ մրցումին վերջին վայրկեաններուն օգնեց իր խմբակիցին, որպէսզի նշանակէ յաղթանակի կոլը` հանդիսանալով կոլի փոխանցման հեղինակ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Աքթոպէ այժմ 31 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:


