Պասթիա խումբին համակիրները նախորդ շաբաթավերջին իրենց դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Փարիզ Սեն Ժերմենէն («Լիկ-1»), իրենց զայրոյթը չկարենալով զսպել, յարձակեցան մարզադաշտին մօտակայքը գտնուող «Ֆուրիանի» առեւտրական կեդրոնին վրայ:
ԱՖՓ-ի հաղորդումով, այդ յարձակումէն տուժած են նաեւ առեւտրական այդ կեդրոնին մէջ գտնուող դրամատուներուն գրասենեակները եւս:
Նախնական տուեալներու համաձայն, վնասը կը գնահատուի 1 միլիոն եւրոյով: