Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Սկսաւ Հաւասարութեամբ (0-0)` Բաւական Տպաւորիչ Մրցում Մը Կատարելով

October 19, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՄԸՄ-ի երէկուան մրցումին մասնակցած կազմը
ՀՄԸՄ-ի երէկուան մրցումին մասնակցած կազմը

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի 6 մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց երէկ յետմիջօրէին, երբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Հիլալ Հարեթ Նաամէն:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ թէեւ մրցումը պիտի սկսէր յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, սակայն անիկա սկսաւ շուրջ տասը վայրկեան ուշացումով` նկատի ունենալով, որ թեքնիք հարց մը տեղի ունեցաւ մրցակիցին տարազին գծով:

Երկու կազմերն ալ թէեւ Ա. կիսախաղին յարձակումներ կազմակերպեցին, սակայն այդ յարձակումները եղան քիչ մը ամչկոտ այն իմաստով, որ հարուածները ուղղակիօրէն բերդին վրայ չկեդրոնացան:

Այսպիսով, խումբերը հանդերձարան ուղղուեցան առանց կոլ նշանակել կարենալու:

Բ. կիսախաղին դաշտ մուտք գործեց Յակոբ Տօնապետեան, որ փոխարինեց Գօգօ Աւետիսեանը:

52-րդ վայրկեանին մրցակիցին բերդին սիւնը զսպեց ՀՄԸՄ-ի մէկ հարուածը, իսկ երկրորդը զսպուեցաւ 64-րդ վայրկեանին:

Բաղդատմամբ Ա. կիսախաղին, ՀՄԸՄ-ի յարձակումները եղան աւելի, մինչ դժբախտաբար կոլ նշանակելու կորսուած առիթները եղան բաւական շատ:

74-րդ վայրկեանին այլ փոփոխութիւն մը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին մէջ, երբ Մամաս Քէհէեան փոխարինեց Ճոնի Քոնճեանը:

Իսկ 87-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեան կատարեց իր երրորդ փոփոխութիւնը, երբ դաշտ ներկայացուց Յարութ Մումջողլեանը` Սագօ Ազնաւուրեանի փոխարէն:

Մինչ մրցումին վերջին 15-20 վայրկեաններուն ՀՄԸՄ ճնշում կը բանեցնէր իր մրցակիցին վրայ` փորձելով կոլ նշանակել, անդին Հիլալ Հարեթ Նաամէի բերդապահը կոլի ստոյգ առիթներ կը զսպէր` գնդակը հանելով դէպի քորնըր:

ՀՄԸՄ-ի շուրջ տասը վտանգաւոր առիթները դժբախտաբար չտուին ակնկալուած արդիւնքները, իսկ մրցակիցին բերդին սիւնը 2 անգամ եղաւ մրցակիցին փրկութիւնը, անդին, ժամանակը հասնելով իր աւարտին, օրուան իրաւարարը 97-րդ վայրկեանին սուլեց մրցումին աւարտը` նկատի ունենալով, որ բաւական կորսուած վայրկեաններ կային, իսկ մրցակից կազմին մարզիկները, ըլլալով բաւական վարպետ դերասաններ, միշտ ժամանակ կ՛անցընէին` գետին իյնալով եւ գետնին կառչած մնալով:

Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բաւական տպաւորիչ եւ բացառիկ ներկայացում մը կատարեցին, մանաւանդ Բ. կիսախաղին` իրենց կողքին ունենալով իրենց մեծաթիւ համակիրները, որոնք ուղղուելով մարզադաշտ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Խումբին խաղարկութեան վրայ ընդհանուր ակնարկ մը նետելով կրնանք ըսել, որ ունինք զօրաւոր կազմ մը, որուն իւրաքանչիւր մարզիկը երէկ լաւապէս կատարեց իր պաշտօնը եւ իրեն վստահուած պարտականութիւնը գլուխ հանեց:

Երէկուան այս մրցումը յաղթանակ չապահովեց ՀՄԸՄ-ին, սակայն կրնանք ըսել, որ կայ զօրաւոր խումբ մը, որ ի վիճակի է յառաջիկայ մրցումներուն 3 կէտ խլել իր մրցակիցներէն` կոլեր նշանակելով անոնց բերդերուն մէջ:

Յառաջիկայ մրցումներուն կ՛ակնկալուի նշանակել կոլեր եւ կէտեր չկորսնցնել, մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:

Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի խումբը իբրեւ հիմնական կազմ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ մարզիկներով.

Յարութ Սարգիս (խմբապետ), Գօգօ Աւետիսեան, Արգիշտի Պետրոսեան, Ալի Ռիֆահի, Ալեք Ալճեան, Յակոբ Նաճարեան, Սերժ Չաքըրեան, Ճոնի Քոնճեան, Սագօ Ազնաւուրեան, Գէորգ Օհանեան եւ Քրիսթիան Թիմունեան:

Նշենք, որ առաջին հանգրուանին ուրբաթ օր յաղթանակներ արձանագրած էին Թատամոն Սուր եւ Ահլի Նապաթիէ:

Անոնց նման շաբաթավերջին յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Ռիատա Ուալ Ատապ, Ախա Ահլի Ալէյ եւ Իսլահ Պըրժ Շիմալի:

 

Նախորդը

Ժիւտօ. Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի 3 Մարզիկով

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի
Գլխաւոր լուրեր

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

February 9, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

February 9, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.