Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան Ժընեւի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Է Մաթվիենքոյի Հետ

October 20, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sahakian_10-19-15

Կիրակի, 18 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան Ժընեւի մէջ, Միջխորհրդարանական միութեան 133-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնակցային  խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ:

Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` քննարկուած են երկու երկիրներուն կողմէ միջազգային հարթակներուն վրայ իրականացուող աշխատանքներուն  մանրամասնութիւնները:

Մաթվիենքոն անդրադարձած է հայ – ռուսական փոխյարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան: Ան նշած է, որ Ռուսիան, գտնուելով միջազգային պատժամիջոցներու ազդեցութեան տակ, այնուամենայնիւ, զանոնք կը յաղթահարէ եւ տնտեսութիւնը կը զարգացնէ: Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի նախագահը վստահեցուցած է, որ հայ – ռուսական բարեկամական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ եւ օրըստօրէ ամրապնդուիլ: Մաթվիենքօ կարծիք յայտնած է, որ տնտեսական միութիւններուն մէջ պետութիւններուն  կարելիութիւնները կ՛աւելնան:

Սահակեան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դաշնակցային ռազմավարական գործընկերութեան հիմքը ոչ միայն արդի փոխշահաւէտ համագործակցութիւնն է, այլ նաեւ երկու եղբայրական ժողովուրդներու  դարաւոր բարեկամութիւնը, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութիւնը:

Խօսելով միջազգային հարթակներուն վրայ երկու երկիրներուն միջխորհրդարանական համագործակցութեան մասին` Ազգային ժողովի նախագահը յայտարարած է, որ փոխադարձ աջակցութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ կը բխի երկու երկիրներու դաշնակցային շահերէն:

Քննարկուած են Մաթվիենքոյի` նոյեմբերին Հայաստան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները, այդ այցելութեան պիտի նախորդէ հայ – ռուսական միջխորհրդարանական յանձնախումբի 27-րդ նիստը:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան Այցելեց Արցախի Մէջ Կառուցուող Մատենադարանը

Յաջորդը

Ակնարկ. Երեւանը Կրնայ Կամրջել Եւրոպական Միութիւնն Ու Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն. Էս. Էյ. – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

January 14, 2026
Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  10-է Աւելի Հայ Մարզիկներ Պատուաւոր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին
Մարզական

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. 10-է Աւելի Հայ Մարզիկներ Պատուաւոր Արդիւնքներ Ձեռք Ձգեցին

January 14, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց  Բաժակի Մրցաշարքէն
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Մնաց Բաժակի Մրցաշարքէն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.