«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր գումարած վերջին ժողովին ընթացքին տուգանքի ենթարկեց Աթլեթիքօ Մատրիտն ու Պենֆիքան` նախորդ 30 սեպտեմբերին երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ արձանագրուած միջադէպերուն պատճառով:
Աթլեթիքօ 11 հազար եւրօ, իսկ Պենֆիքա` 20 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտնեց, որ յառաջիկայ 2 տարուան ընթացքին եթէ նմանօրինակ դէպքեր կրկնուին, Պենֆիքա իր մէկ մրցումը պիտի կատարէ (իր դաշտին վրայ) առանց իր համակիրներուն:
Նշենք, որ Աթլեթիքոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, անոր համակիրները դէպի դաշտ տարբեր տեսակի առարկաներ նետած էին, պայթուցիկ եւ հրավառ նիւթերէն բացի: