Մարզական

Էտկար Մալաքեան 4 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Շիրակ Գիւմրիի միջնապահ Էտկար Մալաքեան (25 տարեկան) Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կարգապահական կոմիտէին որոշումով 4 մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Միքայի դէմ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումին (1-1) մրցակից կազմի ֆութպոլիստ Տմիթրի Զիսթիաքովին հարուածեց:

Թոմաս Թիւխել. «Մխիթարեան Պիտի Մասնակցի Կապալայի Դէմ Դարձի Մրցումին»

Պորուսիա Տորթմունտի մարզիչ Թոմաս Թիւխել երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ նախանցեալ օր իր մասնակցութիւնը չբերաւ Կապալայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Եուրոփա լիկ»), սակայն ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նոյն կազմին դէմ տեղի ունենալիք դարձի մրցումին, որ պիտի կատարուի Գերմանիոյ մէջ: Նշենք, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած այդ մրցումին Տորթմունտ 3-1...

Յաջորդաբար 3-րդ Մրցումն Ըլլալով. Գեւգէոզեան` Կոլի Հեղինակ

Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին, Ալիանսա Լիմա իր դաշտին վրայ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ալիանսա Աթլեթիքոյին: Հայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէոզեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 64-րդ վայրկեանին նշանակեց յաղթական կազմին 3-րդ կոլը: Այսպիսով, ան յաջորդաբար երրորդ մրցումն ըլլալով կոլ կը նշանակէ իր կազմին հետ: Նշենք, որ այժմ Ալիանսա Լիմա 11 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:

2008-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռէալ Մատրիտ Կոլ Չի Կրնար Նշանակել

Սպանիոյ ֆութպոլի հսկաներէն` Ռէալ Մատրիտ եօթը տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին կոլ չկրցաւ նշանակել, երբ նախանցեալ օր 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ: 41-րդ մրցումին ան ձախողեցաւ ցնցել իր մրցակիցին բերդը: Վերջին անգամ նոյեմբեր 2008-ին ան խաղադաշտէն հեռացած էր առանց կոլ նշանակելու, երբ 2-0 արդիւնքով պարտուած էր Եուվենթուսէն:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 7-րդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 4 Մրցումներ

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 23 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան 4 մրցումներ: Ա. դասակարգի 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սաժես կը մրցի Սաֆայի դէմ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մինչ Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Թրիփոլի կը մրցի Իժթիմահիի դէմ: Երկու մրցումներն ալ կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: Նշենք, որ Իժթիմահի եւ Սաֆա յաղթանակով սկսան տարեշրջանը, Թրիփոլի` հաւասարութեամբ, մինչ Սաժես` պարտուեցաւ:...

Արթուր Դաւթեան Ապաքինած Է Եւ Պիտի Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Յակոբ Սերոբեան Հայաստանի մարմնամարզի հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրաստուիլ աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 23 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր, Սկովտիոյ մայրաքաղաք Կլասքոյի մէջ, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայաստանի մարմնամարզի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ. «Հաւաքականին մէջ ամէն ինչ բնական ձեւով կ՛ընթանայ: Ինչ կը վերաբերի Արթուր Դաւթեանին, ան ամբողջութեամբ ապաքինած ըլլալով պիտի մասնակցի այս ախոյեանութեան»: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը...

Արշակեանի Կոլը Յաղթանակ Պարգեւեց Թրաքայի

Լիթուանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Թրաքայ իր դաշտէն դուրս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ քառորդ աւարտականին պարտութեան մատնեց Աթլաթասը: Յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայ յառաջապահ Դաւիթ Արշակեան, յայտնեց ArmSport.am: Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 3 նոյեմբերին: Նշենք, որ թէեւ վերջին շրջանին Արշակեան հրաւիրուեցաւ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքական, սակայն փաստաթուղթերու հարցերու պատճառով անոր նորամուտը...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. 2015-2016 Տարեշրջանը Կը Սկսի Կիրակի, 1 Նոյեմբերին` Քրոս Քաունթրիի Մրցումով

  ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2015-2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը կը սկսի կիրակի, 1 նոյեմբերին` Քրոս Քաունթրիի մրցումով: Տարբեր տեսակի մարզական խաղերուն աւարտին, 8 մայիսին տեղի պիտի ունենայ փակման հանդիսութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք 2015-2016 տարեշրջանին յայտագիրը. ՆՈՅԵՄԲԵՐ Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին նուիրուած քրոս քաունթրիի մրցում (1 նոյեմբեր), Պէյրութի Մարաթոն (8), Քիծ աթլեթիքս (15), Լիբանանի անկախութեան նուիրուած ճատրակի մրցում (22), ԼԵՎԱՄ-ի 50-ամեակի գծագրութեան մրցում (28),...

Հեծելարշաւ. Լիբանանի 2015-ի Ճամբու Բաժակի Մրցաշարք. Քամալ Շաապան Եւ Եուսեֆ Մրատ` Տիտղոսակիրներ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 2015-ի ճամբու հեծելարշաւի բաժակի մրցաշարքը: Անոր ազդանշանը տրուեցաւ Թապարժայէն, ուրկէ հեծելանւորդները ուղղուեցան դէպի Քֆարեասին եւ Շեքքա, ապա վերադարձան Ժիպէյլ, ուրկէ բարձրացան Մար Շարպել-Աննայա: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 19 հեծելանւորդներ` տարբեր դասակարգերէ, որոնցմէ 14-ը միայն ամբողջացուցին մրցաշարքը: Մեծերու դասակարգին մէջ Քամալ Շաապան (Շեպիպեթ Սալաաթա), 82 քմ երկարութիւն ունեցող այս մրցումին հանդիսացաւ առաջին`...

Ճատրակ.  Հրակ Լախեան Պիտի Մասնակցի Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութեան

Ճատրակ. Հրակ Լախեան Պիտի Մասնակցի Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութեան

24 հոկտեմբեր 2015-ին Հրակ Լախեան պիտի մեկնի Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանը` մասնակցելու ճատրակի աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան: Հրակը պիտի ներկայացնէ Լիբանանը: Ան 11 տարեկան է, կը յաճախէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան: Ան սկսած է ճատրակ խաղալ 7 տարեկանին: Երկու անգամ եղած է Լիբանանի ախոյեան, իսկ վերջին երկու տարիներուն երկրորդ եւ երրորդ դիրքերուն արժանացած է: Մասնակցած է հետեւեալ մրցաշարքերուն. - Աշխարհի...

Մխիթարեան Պաքու Չմեկնեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին, Գերմանիայէն Պաքու (Ազրպէյճան) մեկնեցաւ Պորուսիա Տորթմունտ, որ այսօր մրցում մը ունի կատարելիք տեղւոյն կազմերէն Կապալայի դէմ, «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ: Սակայն խումբին հետ Պաքու չմեկնեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Օդակայանին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով` Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս Եոաքիմ Վաթցքէ ըսաւ. «Մենք զրուցեցինք Մխիթարեանի հետ եւ...

Կայէլ Անտոնեան Տեղափոխուեցաւ Տիժոն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ ֆրանսական Օլիմփիք Մարսէյի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Տիժոնի հետ, կը յայտնէ «Լա Փրովանս»: Աղբիւրին համաձայն, 20 տարեկան ֆութպոլիստը փոխ տրուեցաւ Տիժոնի, որ մաս կը կազմէ ֆրանսական «Լիկ-2»-ին: Լուրը հաղորդող TotalFootball.am կայքը կ՛աւելցնէ, որ Տիժոն ցարդ չհաստատեց տեղեկութիւնները այս տեղափոխութեան մասին: Նշենք, որ «Լիկ-2»-ին մէջ Տիժոն 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռէալ Մատրիտ` 0-0

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը իրարու դէմ հանեց Փարիզ Սեն Ժերմենը եւ Ռէալ Մատրիտը, սակայն մրցումը աւարտեցաւ առանց կոլի: Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ա. ԽՄԲԱԿ        Մալմօ - Շախտիոր Տոնեցք 1-0 Փարիզ Սեն Ժերմեն - Ռէալ Մատրիտ 0-0 Բ. ԽՄԲԱԿ   Մոսկուայի Բանակայիններ...

ՖԻՖԱ-ի Նախագահական Ընտրութիւններ. Տարիքային Սահմանափակում Կրնայ Կատարուիլ

Շատ հաւանական է, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն կատարուի տարիքային սահմանափակում, ըստ որուն, ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին վրայ եղող անձը 12 տարիէն աւելի չի կրնար մնալ իր պաշտօնին վրայ: Նոր նախագիծին համաձայն (անշուշտ եթէ վաւերացուի), պաշտօնավարութեան ընթացքին այդ անձին տարիքը պէտք չէ գերազանցէ 74 տարեկանը: Նշենք, որ իր հրաժարականը տուած գործող նախագահ Սեփ Պլեթըր այժմ 79 տարեկան է եւ կը պաշտօնավարէ... 17...

Ակուերօ Մէկ Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Մանուէլ Փելլեկրինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով շուրջ մէկ ամիս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ: Ան վնասուածք ստացաւ Էքուատորի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի մոնտիալի զտում):  

Մահուան Սպառնալիքներ` Ինքնակոլի Համար

Շուէտական Հալմաթատ խումբի յետսապահ Մոհամետ Ալի Խան դիմած է տեղւոյն ոստիկանութեան` մահուան սպառնալիքներ ստացած ըլլալուն համար: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ անոր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտուած է ԱԻՔ Սթոքհոլմէն, իսկ մրցումին միակ կոլը, կորսուած վայրկեաններուն, սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակած է նոյնինքն Խան` դառնալով ինքնակոլի հեղինակ: Այդ պարտութեան պատճառով Հալմսթատ չկրցաւ մնալ Ա. դասակարգ եւ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ: «Զիս...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան 25-րդ Մրցաշարք. Ռիատի Պէյրութ Տիտղոսակիր` 15-րդ Անգամ Ըլլալով

Հուսամէտտին Հարիրիի յիշատակին նուիրուած տղոց պասքեթպոլի 25-րդ միջազգային մրցաշարքին աւարտականը, որ իրարու դէմ հանեց, Ռիատի Պէյրութը եւ Նաժըմ Սահիլին (Թունուզ), աւարտեցաւ լիբանանեան կազմին յաղթանակով: Վերջինս երկրորդ երկարաձգումէն ետք 116-115 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին եւ այսպիսով տիտղոսին տիրացաւ 15-րդ անգամ ըլլալով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիի մարզիկ Աարոն Հարփըր (29), ապա անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի (24): Մրցումին աւարտին Ահմետ Հարիրի,...

Հայ Ըմբիշները Մետալներով Վերադարձան Վրաստանէն

15-17 հոկտեմբերին Վրաստանի Օնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ողիմպիական եւ աշխարհի ախոյեան Դաւիթ Կոպեճեշվիլիի անուան ազատ ոճի ըմբշամարտի միջազգային երիտասարդական մրցաշարքը: ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հաւաքականի աւագ մարզիչ Աւետիք Վարդանեանի ղեկավարութեամբ երիտասարդական մրցաշարքին մասնակցած 10 մարզիկներէն 5-ը արժանացած են մետալներու: Մրցաշարքի ախոյեաններ դարձան Հայկ Պատալեան (50 քկ) եւ Մխիթար Գրիգորեան (55 քկ): Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Վաղինակ Մաթէոսեան...

Մխիթարեանի Փոխանցման Արժեգինը 4 Միլիոն Եւրոյով Բարձրացաւ

Transfermarket.de կայքը մինչեւ 22 միլիոն եւրոյի բարձրացուց Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժեգինը: Մինչ այդ, 26 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման արժեգինը կը գնահատուէր 18 միլիոն եւրոյով: Շատ հաւանական է, որ նման փոփոխութիւն կապուած է «Պունտըսլիկա»-ի եւ Եուրոփա-լիկ-ի մրցումներուն Մխիթարեանի յաջող խաղարկութեան հետ: Նշենք, որ Մխիթարեանի առաւելագոյն փոխանցման արժեգինը` transfermarket.de կայքին համաձայն, գնահատուած է 26 միլիոն...

Ալաշկերտ 2016-ին Սկիզբը Կը Մեկնի Միացեալ Նահանգներ

Ալաշկերտ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ ակումբը Միացեալ Նահանգներ մեկնելու հրաւէր մը ստացած է: Կը նախատեսուի, որ խումբը յունուար 2016-ի վերջը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր պիտի կատարէ բարեկամական մրցումներ` տեղւոյն կազմերուն դէմ: Ակումբին մրցումներուն կազմակերպման ծրագիրով կը զբաղի ամերիկեան «Վենթուրա Քաունթրի Ֆիուժըն» կազմակերպութիւնը, յայտնեց ArmSport.am: Ալաշկերտի պատուիրակութիւնը Երեւան կը վերադառնայ փետրուարի սկիզբը, ուրկէ կը մեկնի Անթալիա (Թուրքիա) ուսումնամարզական հաւաքի (10...

Page 1171 of 1275 1 … 1,170 1,171 1,172 … 1,275

Արխիւներ