Պորուսիա Տորթմունտի թեքնիք տնօրէն Հանս Եոաքիմ Վաթցքէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար չմեկնի Ազրպէյճան եւ բացակայի տեղւոյն կազմերէն Կապալայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն («Եուրոփա լիկ»):
Այս մրցումը (Գ. խմբակ) տեղի պիտի ունենայ 22 հոկտեմբերին:
«Մենք ուսումնասիրեցինք իրավիճակը: Նկատի ունենալով, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան իրարու հետ քաղաքական հարցեր ունին, մենք պէտք է հոգ տանինք մեր խաղացողներուն:
«Անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ բարդութիւններ կան: Եթէ ֆութպոլիստը ինքզինք հանգիստ չի զգար եւ թերեւս ալ կը վախնայ, մենք նկատի պիտի առնենք այդ հանգամանքը», ըսաւ Վաթցքէ: