Ուֆայի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ ելոյթ պիտի չունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Եուրչենքօ հայկական արմատներ ունի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը անոր հետ բանակցութիւններ կը կատարէր, որպէսզի ան միանայ հաւաքականին:
«Ներկայիս բանակցութիւններ չեն կատարուիր, բայց ես կ՛ուզէի ըսել հետեւեալը. շատ շնորհակալ եմ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ ինծի ուղղուած այս հրաւէրին համար: Սակայն չեմ ուզեր իբրեւ օտար մարզիկ նկատի առնուիլ Ռուսիոյ մէջ, ուր սկսած եմ ֆութպոլիստի իմ արհեստավարժ ասպարէզս: Հայաստանի հաւաքականին միանալով` Ռուսիոյ մէջ նկատի պիտի առնուիմ իբրեւ օտար մարզիկ, ինչ որ ինծի նպատակայարմար չէ: Կ՛ուզեմ հանդէս գալ Ռուսիոյ հաւաքականին հետ», կ՛ըսէ ան: