Մարզական

Ռաքիթիչ Եւս Բացակայ` «Քլասիքօ»-էն

Նախանցեալ օր Պարսելոնա թէեւ ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ իր կատարած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն անիկա կորսնցուց իր մէկ այլ ֆութպոլիստը` Իվան Ռաքիթիչը, որ վիրաւորուեցաւ 20-րդ վայրկեանին: Ըստ սպանական մամուլին, միջնապահ Ռաքիթիչ մէկ ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ան Լիոնել Մեսսիի հետ միասին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 21 նոյեմբերին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշանակեց իր մնայուն յանձնախումբերուն նախագահները` հետեւեալ ձեւով. Ազգային խումբեր` Մազեն Քպայսի, իրաւարարներ` Մահմուտ Ռըպհա, մրցաշարքերու` Ռեմոն Սըմաան, ֆութսալի եւ պիչ-ֆութպոլի` Սըմաան Տուէյհի, աղջկանց ֆութպոլի` Համբիկ Միսաքեան, դաշտերու` Մուսա Մաքքէ, իսկ տնտեսական` Իսամ Սայեղ: 26 փետրուար 2016-ին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ին տարեկան համագումարին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն. Հաշեմ...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Քապալա

Հենրիխ Մխիթարեան «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Գ. խմբակին մաս կազմող Պորուսիա Տորթմունտ այսօր իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ ազրպէյճանական Քապալա ֆութպոլի խումբը: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ 2 շաբաթ առաջ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումէն բացակայեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան` նկատի ունենալով,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ 5-1 Արդիւնքով Ջախջախեց Իր Հիւրը` Արսենալը

Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուեցան 8 ճակատումներ: Պայէրն Միւնիխ 5-1 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Արսենալը, 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Պարսելոնա` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` ՊԱԹԷ Պորիսովը: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ե. ԽՄԲԱԿ Պարսելոնա - ՊԱԹԷ Պորիսով 3-0 Ա. Էս. Ռոմա - Պայէր Լեւերքուզըն 3-2 Զ. ԽՄԲԱԿ Պայէրն Միւնիխ - Արսենալ 5-1...

Ռուբէն Հայրապետեան Այցելեց Վանաձորի Ֆութպոլի Ակադեմիա

Ռուբէն Հայրապետեան Այցելեց Վանաձորի Ֆութպոլի Ակադեմիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան այցելեց Վանաձոր` ծանօթանալու համար այդտեղ կառուցուող ֆութպոլի ակադեմիային շինարարական վերջին հանգրուանի աշխատանքներուն, արուեստական եւ բնական խոտածածկերով խաղադաշտերուն իրավիճակին, ակադեմիայի շէնքին շինութեան հոլովոյթին եւ բոլոր այն խնդիրներուն, որոնք կապուած են ֆութպոլի այս նոր ենթակառուցուածքի շահագործման, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Վանաձորի մէջ կառուցուող ֆութպոլի այս ակադեմիան մեծ խթան պիտի հանդիսանայ ֆութպոլի եւ ի մասնաւորի...

Հայաստանի Մարմնամարզական Հաւաքականը Վերադարձաւ Հայրենիք

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Երէկ հայրենիք վերադարձաւ հայկական պատուիրակութիւնը: Մարզիկները դիմաւորելու համար օդակայան եկած էին Հայաստանի Ազգային ողմիպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Ալպերթ Ազարեան, մարզիկներ եւ հարազատներ: Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ...

Մոնաքօ Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Մուրինիոն

Մոնաքոյի բաժնետէր Ալեսանտրօ Փրոթօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ հանդիպում մը ունեցաւ Չելսիի սեփականատէր Ռոման Աբրամովիչի հետ` փորձելով համաձայնութեան գալ անոր հետ, իշխանապետական կազմին միացնելու համար լոնտոնեան խումբի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն: «Անոր փոխանցման համար մեր կողմէ առաջարկեցին 50 միլիոն եւրօ, բայց մեզմէ պահանջեցին 100 միլիոն եւրօ: Այդ գումարը բաւական մեծ է մեզի համար: Մենք ատոր համաձայն չենք», ըսաւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Կրեց Տարեշրջանի Իր Չորրորդ Պարտութիւնը

Լէյքըրզ - Նակեթց մրցումէն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ դարձեալ չյաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ այս անգամ Տենվըր Նակեթցէն կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 120-109 արդիւնքով: Լէյքըրզէն Ճորտըն Քլարքսըն նշանակեց 30 կէտ: Նշենք, որ Լէյքըրզի նման 4-ական պարտութիւն կրած են նաեւ Պրուքլին Նեթց եւ Նիւ Օրլինզ: Միւս կողմէ, Լէյքըրզի ճիշդ հակապատկերն է Լոս...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Քառորդ Աւարտականի Մրցակիցը` Հարաւային Քորէա

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի կրտսերներու ազգային խումբը երէկ կատարեց Բ. հանգրուանի իր երրորդ մրցումը, երբ Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ 83-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալեզիան: Այսօր` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, մրցաշարքը շարունակող խումբերը հանգիստի մէջ պիտի ըլլան: Վաղը` հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Լիբանան կը մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Յայտագիր

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Վարդգէս Էսկիպաշեանի Յիշատակին Նուիրուած Քրոս Քաունթրի

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2015 - 2016 տարեշրջանի յայտագիրներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 նոյեմբեր 2015-ին, Վարդգէս Էսկիպաշեանի անուան «Քրոս Քաունթրի»-ն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, հոծ բազմութեամբ աշակերտներ, ուսուցիչներ, պատասխանատուներ եւ ծնողներ եկած էին մասնակցելու սոյն մրցաշարքին, եկած էին նաեւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեզմէ մարմնապէս հեռացած, բայց միշտ ներկայ եղբօր, ուսուցիչին, մարզիչին,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ 2 Մանչեսթըրները` Յաղթական

Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը հետաքրքրական ճակատումներ: Ռէալ Մատրիտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը, քիչ մը դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց` նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնելով Ֆրանսայի ախոյեանը: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Նաչօ Ֆեռնանտեզ (35-րդ)` 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Յաղթանակ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր քաղաքի 2 խումբերը: Ուէյն Ռունիի նշանակած կոլին շնորհիւ (79-րդ)...

Հայաստանի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Հաւաքականին Կազմը` Սոսլան Անտիեւի Անուան Մրցաշարքին

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեանի գլխաւորութեամբ, կը նախապատրաստուի 6-7 նոյեմբերին Վլատիքաւքազի (Ռուսիա) մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան Սոսլան Անտիեւի անուան միջազգային մրցաշարքին: Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուական բաժանմունքի լրագրողին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Բաղդադեան ըսաւ. «Այս մրցաշարքը անուանի է, մանաւանդ որ անոր հիմնականին մէջ կը մասնակցին...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Ճափոնի` 84-70 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (16 տարեկան), որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ինտոնեզիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, բաւական մեծ եւ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 14 կէտի տարբերութեամբ` 84-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ճափոնը: Լիբանանէն Սելիմ Ալաէտտին նշանակեց 23 կէտ, մինչ անոր խմբակիցները` Շարպել Սաատ եւ Քերիմ Զէյնուն, յաջորդաբար 22 եւ 20 կէտ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք...

Հեծելարշաւ. Տեղի Ունեցաւ Ծատուրեան Եղբայրներուն Յիշատակին Նուիրուած Ժամացոյցի Դէմ Մրցումը

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած ժամացոյցի դէմ մրցումը` երրորդ տարին ըլլալով: Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Նահր Մոթէն, ուրկէ հեծելանւորդները ուղղուեցան դէպի Պաապտեթ, ընդամէնը` 11,5 քմ: Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի եւ Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքարի: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 31 հեծելանւորդներ: Լիբանանի ախոյեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Շաբաթավերջին Տեղի Պիտի Ունենան Բաւական Հետաքրքրական Ճակատումներ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին ութական ճակատումներ: Նկատի ունենալով, որ խումբերը կատարած են երեքական ճակատումներ, հետեւաբար այսօր կը սկսին դարձի մրցումները: Բոլոր խումբերուն մէջէն Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ միակն ըլլալով ցարդ իր կատարած 3 մրցումներուն ալ յաղթանակով աւարտած է` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտը: Իսկ 7 խումբեր, որոնց կարգին` Ա. Էս....

Կարէն Աղամալեան. «Ինծի Համար Յստակացաւ, Թէ Որո՛նք Պիտի Մասնակցին Եւրոպայի Ախոյեանութեան»

Երէկ` երկուշաբթի, 2 նոյեմբերին, աւարտեցաւ Հայաստանի կռփամարտի երիտասարդական հաւաքականին կատարած ուսումնամարզական հաւաքը, որ սկսած էր նախորդ 21 հոկտեմբերին` Ծաղկաձորի մէջ: Շաբաթ մը ետք` 9 նոյեմբերին հաւաքականը կը մեկնի Վիլնիւս (Լիթուանիա), ուր տասը օր կը կատարէ իր 2-րդ ուսումնամարզական հաւաքը` պատրաստուելու համար 19-29 նոյեմբերին Լեհաստանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան, ուր Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 7 կռփամարտիկներ: Անդրադառնալով Ծաղկաձորի մէջ տեղի...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ – Փիւնիկ Կէտերու Տարբերութիւնը Նուազեցաւ Երկուքի

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ալաշկերտ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Արարատի հետ: Անոր արձանագրած այդ հաւասարութենէն օգտուեցաւ Փիւնիկ, որ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Գանձասար - Կապանի, կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց երկուքի: Փիւնիկի 4 անպատասխան կոլերը նշանակեցին Դաւիթ Մանոյեան (40-րդ` փենալթիով), Վարդան Պօղոսեան (55-րդ) եւ Ռազմիկ Յակոբեան (76-րդ եւ 88-րդ): Ալաշկերտ - Արարատ մրցումը...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Պոքա Ժունիորզ Ախոյեան` 25-րդ Անգամ Ըլլալով

Վերջին անգամ 2011-ին Արժանթինի ախոյեան հանդիսացած Պոքա Ժունիորզ նախորդ շաբաթավերջին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թիկրը ֆութպոլի խումբին, իր պատմութեան մէջ 25-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց յետսապահ Ֆապիան Մոնզոն (42-րդ): Պէտք է նշել, որ Քարլոս Թեւեզի Պոքա վերադարձը բաւական ազդեց խումբին արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ վերջին 14 մրցումներուն 11-ին անոր կազմը յաղթանակ արձանագրեց: Պոքա,...

«Ֆորմիւլա-1». Ռոզպըրկ Յաղթական` Մեքսիքայի Կրան Փրիին

Նիքօ Ռոզպըրկ «Մերսետես»-ի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Մեքսիքայի կրան փրիին, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով` 23 տարուան բացակայութենէ մը ետք: Գերմանացին, որ այս տարի 4-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանար առաջին, տարբեր կրան փրիներու ընթացքին արձանագրեց իր ասպարէզին 12-րդ յաղթանակը` արձանագրելով 1 ժամ 42' 35" արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 3-րդ Յաղթանակը

«էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական բարձր արդիւնքով աւարտեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ - Նիւ Օրլինզ ճակատումը ի նպաստ առաջինին` 134-120 արդիւնքով: Այսպիսով, Ուորիըրզ արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը: Նշենք, որ շարք մը խումբեր, որոնց կարգին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, ցարդ առանց յաղթանակի են եւ կրած 3 պարտութիւն: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ինտիանա Փէյսըրզ -...

Page 1167 of 1275 1 … 1,166 1,167 1,168 … 1,275

Արխիւներ