
Նախանցեալ օր Պարսելոնա թէեւ ՊԱԹԷ Պորիսովի դէմ իր կատարած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն անիկա կորսնցուց իր մէկ այլ ֆութպոլիստը` Իվան Ռաքիթիչը, որ վիրաւորուեցաւ 20-րդ վայրկեանին:
Ըստ սպանական մամուլին, միջնապահ Ռաքիթիչ մէկ ամիսով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ ան Լիոնել Մեսսիի հետ միասին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 21 նոյեմբերին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին:
Նշենք, որ Պորիսովի դէմ տեղի ունեցած մրցումին խումբ վերադարձած էր Անտրես Ինիեսթա, որ նախորդ սեպտեմբերին վիրաւորուած էր:


