ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեանի գլխաւորութեամբ, կը նախապատրաստուի 6-7 նոյեմբերին Վլատիքաւքազի (Ռուսիա) մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան Սոսլան Անտիեւի անուան միջազգային մրցաշարքին:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի լրատուական բաժանմունքի լրագրողին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Բաղդադեան ըսաւ.
«Այս մրցաշարքը անուանի է, մանաւանդ որ անոր հիմնականին մէջ կը մասնակցին ռուսական խումբեր: 57 քկ դասակարգի մրցումներուն կը մասնակցին Գարիկ Բարսեղեան, Գառնիկ Մնացականեան եւ Գոռ Գրիգորեան: 61 քկ դասակարգին մէջ ներկայացուցիչ չունինք: Իսկ 65 քկ-ի մրցումին կը մասնակցի Վոլոդիա Ֆրանգուլեան:
Մնացեալ մասնակցողներն են` աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Դաւիթ Սաֆարեան, ինչպէս նաեւ Վալթեր Մարգարեան (70 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան, Վարուժան Կաջոյեան (74 քկ), Շամիր Աթեան, Մուսա Մուրթազալիեւ (86 քկ), Անդրանիկ Գալստեան եւ Էտկար Ենոքեան (97 քկ):
Մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին: Առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս պիտի գան 57, 61, 65 եւ 70 քկ դասակարգի ըմբիշները: