
«Մերսետես»-ի վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Մեքսիքայի կրան փրիին, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով` 23 տարուան բացակայութենէ մը ետք:
Գերմանացին, որ այս տարի 4-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանար առաջին, տարբեր կրան փրիներու ընթացքին արձանագրեց իր ասպարէզին 12-րդ յաղթանակը` արձանագրելով 1 ժամ 42′ 35″ արդիւնք մը:
Անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց արդէն իսկ աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը ապահոված անոր անգլիացի խմբակից Լուիս Հեմիլթըն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց «Ուիլիըմզ»-ի ֆինլանտացի վարորդ Վալթերի Պոթթաս:
Ապահովելով 25 կէտ` Ռոզպըրկ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 2-րդ դիրք, որ «Ֆեռարի»-ի իր խմբակիցին` Քիմի Ռայքոնընի հետ միասին չյաջողեցաւ այս կրան փրին ամբողջացնել: