
Մոնաքոյի բաժնետէր Ալեսանտրօ Փրոթօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ հանդիպում մը ունեցաւ Չելսիի սեփականատէր Ռոման Աբրամովիչի հետ` փորձելով համաձայնութեան գալ անոր հետ, իշխանապետական կազմին միացնելու համար լոնտոնեան խումբի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն:
«Անոր փոխանցման համար մեր կողմէ առաջարկեցին 50 միլիոն եւրօ, բայց մեզմէ պահանջեցին 100 միլիոն եւրօ: Այդ գումարը բաւական մեծ է մեզի համար: Մենք ատոր համաձայն չենք», ըսաւ Փրոթօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանէն ետք, Չելսի 11 կէտով կը գրաւէ 15-րդ դիրքը, մինչ Մոնաքօ «Լիկ-1»-ի 12-րդ հանգրուանէն ետք 20 կէտով կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:


