
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ծատուրեան եղբայրներուն յիշատակին նուիրուած ժամացոյցի դէմ մրցումը` երրորդ տարին ըլլալով:
Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Նահր Մոթէն, ուրկէ հեծելանւորդները ուղղուեցան դէպի Պաապտեթ, ընդամէնը` 11,5 քմ:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի եւ Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքարի:
Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 31 հեծելանւորդներ:
Լիբանանի ախոյեան Էլիաս Ապու Ռաշիտ (Աթլեթիքօ Պէյրութ), յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելով 34′ 32″ արդիւնք մը:
Կրտսերներու տիտղոսին տիրացաւ Եուսեֆ Մրատ (Շեպիպեթ Սալաաթա), որ արձանագրեց 39′ 30″ արդիւնք մը:
Վերջապէս, մասթըրզի դասակարգին մէջ (45 տարեկան եւ վեր) առաջին դիրքը գրաւեց Ժորժ Զէյթունի (43′ 56″): Համօ Մաթոյեան հանդիսացաւ երրորդ (1 ժամ 8′ 50″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը, ձեռամբ` նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեանի, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի եւ պաշտօնական անձերու:


