Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի կրտսերներու ազգային խումբը երէկ կատարեց Բ. հանգրուանի իր երրորդ մրցումը, երբ Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ 83-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մալեզիան:
Այսօր` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերին, մրցաշարքը շարունակող խումբերը հանգիստի մէջ պիտի ըլլան:
Վաղը` հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, քառորդ աւարտականին ծիրին մէջ, Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Լիբանան կը մրցի Հարաւային Քորէայի դէմ: