Մարզական

Դաւիթ Աւանէսեան` WBA-ի Ժամանակաւոր Տիտղոսակիր

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայ կռփամարտիկ Դաւիթ Աւանէսեան երէկ Մոնաքոյի մէջ պարտութեան մատնեց վենեզուելացի Չարլի Նաւարոն: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Աւանէսեան դարձաւ կռփամարտի միջազգային կազմակերպութեան (WBA) ժամանակաւոր տիտղոսակիր: Այսպիսով, Աւանէսեան դարձաւ WBA-ի կանոնաւոր ախոյեանութեան տիտղոսի յաւակնորդ: Նշենք, որ ներկայիս ախոյեանի կոչումը կը պատկանի ամերիկացի Քիտ Թուրմանի:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Ռէալ Մատրիտէն Խլեց Պարագլուխի Դիրքը. Չելսի Եւ Լիվըրփուլ Պարտուեցան

Հենրիխ Մխիթարեան Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները: Անգլիոյ մէջ առաջին երկու դիրքերը գրաւողները` Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, հաւասարութիւններ արձանագրեցին, Մանչեսթըր Եունայթըտ յաղթեց, մինչ Լիվըրփուլ եւ Չելսի պարտութիւն կրեցին: Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս բարձրացաւ 7-րդ դիրք` արձանագրելէ ետք տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը: Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա, որ յաղթեց Վիարէալի (3-0), պարագլուխի դիրքը խլեց Ռէալ Մատրիտէն, որ Սեւիլլայէն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն...

Ըմբշամարտ. Գարիկ Բարսեղեան Տիտղոսակիր` Սոսլան Անտիեւի Անուան Մրցաշարքին

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, 57 քկ դասակարգին մասնակցող Գարիկ Բարսեղեան դարձաւ Սոսլան Անտիեւի անուան միջազգային մրցաշարքի տիտղոսակիր: Հայրենի ըմբիշը աւարտականին 5-4 արդիւնքով առաւելութեան հասաւ Ռուսթամ Քարախանովի (Ղազախստան) դէմ: Նոյն դասակարգին մէջ, Գառնիկ Մնացականեան տիրացաւ պրոնզ մետալին: Հայաստանի հաւաքականին միւս անդամները` Գոռ Գրիգորեան, Վոլոդիա Ֆրանգուլեան, Դաւիթ Սաֆարեան եւ Վալդեր Մարգարեան, որեւէ մետալի չյաջողեցան տիրանալ: Այս առնչութեամբ ArmSport.am աւելցուց, որ...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Առաջին Յաղթանակը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ 2-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին, Սատի դաշտին վրայ, 10-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-0) ջախջախեց իր մրցակիցը` Թըմնին Թահթա խումբը: Վերջինս տարեշրջանի իր առաջին մրցումին 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:  

Խոաքին Պօղոսեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սերրօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տեֆենսոր Սփորթինկը, 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Սերրոյի կազմէն տուպլէի հեղինակ դարձաւ ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան (28 տարեկան), որ այսպիսով նշանակեց այս տարեշրջանի իր երրորդ կոլը:

Կռփամարտ. Ճիորճիօ Պետրոսեան Յաղթեց Ճոշ Ճոնսիին

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, Միլանոյի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ կռփամարտի կլորի-25 մրցաշարքը: Մենամարտերէն մէկուն ընթացքին Իտալիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Ճիորճիօ Պետրոսեան դէմ յանդիման եկաւ Ճոշ Ճոնսիին: 3 ռաունտերէ ետք իրաւարարները յաղթական հռչակեցին Պետրոսեանը: Նշենք, որ Պետրոսեան կը նկատուի աշխարհի զօրաւորագոյն քիք-կռփամարտիկներէն մէկը:  

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Վաղը` Թըմնին Թահթա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 8 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը, երբ դարձեալ Սատի դաշտին վրայ կը մրցի Թըմնին Թահթա խումբին դէմ: Ինչպէս ծանօթ է, թէեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 1-1 հաւասարութեամբ սկսաւ տարեշրջանը, բայց բաւական տպաւորիչ մրցում մը կատարեց եւ յաջողեցաւ ինքզինք...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ամալ Մաարաքէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 7 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ամալ Մաարաքէն: ՀՄԸՄ-ի խումբին համար այս մրցումը երրորդը պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Սակայն ցարդ ՀՄԸՄ այս մարզադաշտէն կրցած է միայն մէկ կէտ ապահովել` առաւելագոյն վեց կէտէն: Տարեշրջանի երկրորդ կէտը ՀՄԸՄ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Լացիօ Ռոմա Տերպին

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ բաւական հետաքրքրական պիտի ըլլայ Հռոմ քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Ա. Էս. Ռոմա եւ Լացիօ Ռոմա: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ նաեւ Արսենալ - Թոթենհամ լոնտոնեան տերպին: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ           ԺԱՄ Պուրնըմաութ (17) - Նիւքասըլ (18) 14:45...

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան` Աշխարհի Պատանիներու Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր

Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ գտնուող Փորթօ Քարաս ծովափնեայ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի 8-18 տարեկան պատանիներու եւ աղջիկներու ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am լրատուական կայքը: Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներուն մէջ ամէնէն փայլուն արդիւնքը արձանագրեց 16 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մասնակցած Հայկ Մարտիրոսեան, որ ապահովեց 8,5 կէտ` առաւելագոյն 11 կէտէն: Թէեւ ան բաժնեց 2-4 դիրքը, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով հանդիսացաւ 3-րդ եւ տիրացաւ...

Արթուր Եդիգարեան Մասնակցեցաւ Վիարէալի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

Նախանցեալ օր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութսալի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Տինամօ Մինսք իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Վիարէալը (4-րդ հանգրուան): Մրցումը աւարտեցաւ սպանական կազմին յաղթանակով: Վիարէալ իր յաղթական կոլը նշանակեց մրցումին 86-րդ վայրկեանին, այսպիսով արգելք հանդիսանալով, որ Տինամօ կարենայ յաջորդ հանգրուանին տոմս մը ապահովել: 78-րդ վայրկեանին, երբ մրցումը կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով, Տինամոյի կազմէն դաշտ մուտք գործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեան:

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Յաւակնորդներու Մրցաշարքին

ՖԻՏԷ-ին պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Լեւոն Արոնեան պիտի մասնակցի 10-30 մարտ 2016-ին տեղի ունենալիք ճատրակի այն մրցաշարքին, որուն յաղթականը պիտի մրցի Նորվեկիայի Մակնիւս Քարլսընի դէմ` վճռելու համար աշխարհի նոր ախոյեանին անունը: ArmSport.am լրատուական կայքը հաղորդեց, որ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով 4 նոյեմբերին կը գտնուէր Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որուն...

Պօղոս Գալստեան Գլխաւորեց Ուրալի Երիտասարդական Խումբը

Ուրալի ֆութպոլի գլխաւոր խումբին մարզական բաժինին մէջ աշխատող Պօղոս Գալստեան նշանակուեցաւ երիտասարդական խումբի գլխաւոր մարզիչ, երէկ յայտնեց ArmSport.am: Ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երիտասարդական խումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ Օլեկ Փիչուքին մաս կազմեց Գալստեանի մարզական բաժինին: Արարատի եւ Կոտայքի նախկին ֆութպոլիստ Գալստեան, որ 2014-էն ի վեր Ուրալի հետ է, նախապէս եղած է Խիմքիի եւ Քուպանի մարզիչ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Պասքեթպոլ. Լիբանան Ծանր Պարտութեամբ Աւարտեց Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի կրտսերներու ազգային խումբը երէկ աւարտեց իր ելոյթները Ասիոյ պասքեթպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան գծով, երբ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 105-79 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Հարաւային Քորէայէն: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարիմ Զէյնուն` 32 կէտ եւ 15 ռիպաունտ, իսկ անոր խմբակից Սելիմ Ալաէտտին` 19 կէտ:

Ռատուլովիչ 25 Ֆութպոլիստ Հրաւիրեց Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

Միոտրակ Ռատուլովիչ Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ մրցում մը ունի կատարելիք Լաոսի դէմ: Սոյն մրցումը կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի եւ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքերուն ծիրին մէջ: Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատուլովիչ այս մրցումին պատրաստուելու համար ազգային խումբ հրաւիրեց 25 ֆութպոլիստներ, որոնք իրենց փորձերուն պիտի սկսին երկուշաբթի, 9 նոյեմբերէն սկսեալ: Նկատի ունենալով, որ Լիբանան ֆութպոլի բարեկամական...

Մխիթարեան Ուժգնօրէն Ցնցեց Ազրպէյճանցիներուն Բերդը

Մխիթարեան Ուժգնօրէն Ցնցեց Ազրպէյճանցիներուն Բերդը

Սքանչելի եւ բացառիկ կոլով մը, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուժգին հարուածով մը ցնցեց ազրպէյճանական Քապալա խումբին բերդին ուռկանը: «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ անոր կազմը` Պորուսիա Տորթմունտ, 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց: Մխիթարեան նշանակեց մրցումին 4-րդ կոլը: Տորթմունտ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Ազրպէյճանական Քապալան Հենրիխ Մխիթարեան կը տօնէ իր նշանակած կոլը «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` Սաֆա – Նըժմէ Եւ Մապարրա – Ահլի Սայտա

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Սաֆա – Նըժմէ Եւ Մապարրա – Ահլի Սայտա

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բացման 2 մրցումներ: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ Սաֆա կը ճակատի Նըժմէի դէմ: Սաֆա, որ այժմ ապահոված է 7 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ Նըժմէ, որ կատարած է 2 մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի 2 կէտ եւ կը գրաւէ 9-րդ դիրքը:...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ, Ռեփթըրզ Եւ Նեթց Արձանագրեցին Իրենց 5-րդ Յաղթանակը

Տեմիըն Լիլարտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տասը մրցումներ: Երեք խումբեր` Պրուքլին Նեթց, Թորոնթօ Ռեփթըրզ եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, արձանագրեցին իրենց 5-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ բնականաբար ցարդ անպարտելի կը մնան: Երէկուան այս մրցումներուն ընթացքին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմիըն Լիլարտ (35), երբ անոր կազմը` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ, 108-92 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: Անոր ետին...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 36 Դիրքի Մեծ Նահանջ Մը Արձանագրեց

Երէկ` հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: Նշենք, որ 2015-ի վերջին դասաւորումը պիտի հրապարակուի 3 դեկտեմբերին: Նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը բաւական մեծ նահանջ մը արձանագրեց: Անիկա 36 դիրք նահանջելով գրաւեց ընդհանուր դասաւորման ոչ նախանձելի... 127-րդ դիրքը: Վերջին անգամ 2009-ին էր, որ Հայաստան եղած է իր գէշ օրերուն մէջ, երբ յունիսին հրապարակուած դասաւորման...

Եւրոպական Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

Այսօր` ուրբաթ, 6 նոյեմբերին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան 3 մրցումներ` 3 տարբեր երկիրներու մէջ: Անգլիոյ եւ Իտալիոյ մէջ այսօր մրցումներ չկան: Սպանիոյ 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, նախավերջին դիրքը գրաւող Լաս Փալմաս կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Գերմանիոյ մէջ (12-րդ հանգրուան), Հերթա Պերլին հիւրը պիտի ըլլայ Հանովըր-96-ի: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը...

Page 1166 of 1275 1 … 1,165 1,166 1,167 … 1,275

Արխիւներ