Վերջին անգամ 2011-ին Արժանթինի ախոյեան հանդիսացած Պոքա Ժունիորզ նախորդ շաբաթավերջին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Թիկրը ֆութպոլի խումբին, իր պատմութեան մէջ 25-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց յետսապահ Ֆապիան Մոնզոն (42-րդ):
Պէտք է նշել, որ Քարլոս Թեւեզի Պոքա վերադարձը բաւական ազդեց խումբին արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ վերջին 14 մրցումներուն 11-ին անոր կազմը յաղթանակ արձանագրեց:
Պոքա, որ իր կատարած 29 մրցումէն ապահոված է 64 կէտ, 6 կէտով կը գերազանցէ Սան Լորենցոն: Վերջին հանգրուանին անոր կատարելիք մրցումը ոչինչ պիտի փոխէ դասաւորման պատկերին վրայ: