Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
Երէկ հայրենիք վերադարձաւ հայկական պատուիրակութիւնը:
Մարզիկները դիմաւորելու համար օդակայան եկած էին Հայաստանի Ազգային ողմիպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Ալպերթ Ազարեան, մարզիկներ եւ հարազատներ:
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեան իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Շատ բարձր կը գնահատեմ մեր մարզիկներուն արձանագրած արդիւնքները: Սպասելիքներ կային, բայց անհատական մարզաձեւին մէջ մետալի տիրանալու մասին երբեք չէի մտածեր: Մրցակցութիւնը շատ մեծ էր, իսկ պայքարը` իսկապէս զօրաւոր: Բոլորս ալ գիտենք, որ Յարութիւն Մերդինեան պրոնզէ մետալին տիրանալէ բացի Ռիօ տը Ժանէյրոյի 2016-ի ողիմպիականի խաղերուն տոմս ալ ապահովեց: Կը շնորհաւորենք բոլորին ձեռք ձգած յաջողութիւնը»: