Մարզական

Մեսսի Բացակայ` «Քլասիքօ»-էն

Սպանական մամուլին համաձայն, Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 21 նոյեմբերին Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ի մրցումին: Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետը մինչեւ այդ օրը ապաքինած պիտի չըլլայ` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ արքայական ակումբին դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին մասնակցելու համար: Նշենք, որ Մեսսի ծունկի վնասուածք ստացաւ 26 սեպտեմբերին` Լաս Փալմասի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին:

Փինկ Փոնկ. Լարա Քեչեպաշեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց բաժակի մրցաշարքը: Թէեւ Լարա Քեչեպաշեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) հասաւ աւարտականին, սակայն 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մալաք Խուրիէն (12-10, 11-5, 8-11 եւ 11-5), որ մաս կը կազմէ Նատուա Քամաթիէ խումբին: Նշենք, որ կիսաւարտականին Մալաք Խուրի 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր խմբակիցը` Մարիանա Սահակեանը: Աւարտին...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Շաալեթ Քամալ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Ախա Ահլի Ալէյէն` 2-1 Արդիւնքով

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կատարեց տարեշրջանի իր երրորդ մրցումը, իսկ երկրորդը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, հիւրընկալելով Ախա Ահլի Ալէյը: Վերջինս նախքան շաբաթ օրուան իր մրցումը կատարելը, արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ` երկու հաւասարութիւն: Թէեւ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց 0-0 հաւասարութեամբ, սակայն մրցումին...

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Առաջին Հարիւրին Մէջ Են Հայրենի 3 Կրանտմասթըրներ

Լեւոն Արոնեան Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին օրը ՖԻՏԷ-ն կը հրապարակէ ճատրակի աշխարհի ընդհանուր նոր դասաւորումը: Պարագլուխի դիրքը կը շարունակէ գրաւել աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, որ ունի 2850 վարկանշային կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն` Վեսելին Թոփալով (2803) եւ Վիշվանաթան Անանտ (2803): Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2781) նախորդ ամսուան ընթացքին կատարեց 9 մրցում: Թէեւ անոր վարկանիշը...

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յարութիւն Մերդինեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Կլասքոյի մէջ (Սկովտիա) տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող Յարութիւն Մերդինեան 15.500 արդիւնք մը արձանագրելով գրաւեց 3-րդ դիրքը եւ տիրացաւ պրոնզ մետալին: ArmSport.am կը յայտնէ, որ զտումի հանգրուանին Հայաստան 2-րդ էր: Նշենք, որ պրոնզէ մետալին տիրանալէ բացի, Յարութիւն Մերդինեան ողիմպիական խաղերուն տոմս ալ ապահովեց:  

«Պունտըսլիկա». Մխիթարեան Կոլի Եւ Կոլի 2 Փոխանցման Հեղինակ

Հենրիխ Մխիթարեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ախոյեան Պայէրն Միւնիխ կորսնցուց տարեշրջանի իր առաջին երկու կէտը, յաջորդական 10 յաղթանակներէ ետք: Իր կատարած մրցումին, Պայէրն 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ, այս հանգրուանին բացման մրցումին: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, Պայէրն այժմ 5 կէտով միայն կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց...

«Փրեմիեր Լիկ». Չելսի – Լիվըրփուլ` 1-3

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Չելսի - Լիվըրփուլ ճակատումը վերջ գտաւ երկրորդին Լիվըրփուլի յաղթանակով, 3-1 արդիւնքով: Թէեւ Չելսի ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Ռամիրեսի նշանակած կոլին (4-րդ), սակայն Լիվըրփուլ պատասխանեց երեք անգամ` շնորհիւ Ֆիլիփ Քունինիոյի (45-րդ եւ 74-րդ) եւ Քրիսթիան Պենթեքէի (83-րդ): Մանչեսթըր Սիթի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նորուիչի, մինչ Արսենալ` Սուանզիի, 3-0 արդիւնքով: Մանչեսթըր...

Աղուան Պապիկեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Լեհաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պելչաթով իր դաշտէն դուրս 3-1 արդիւնքով յաղթեց Օլիմփիային: Հիւր կազմին հետ տուպլէի հեղինակ դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Աղուան Պապիկեան (6-րդ եւ 81-րդ): Այժմ Պելչաթով 23 կէտով կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

Սուարեզ (ձախին) եւ Նէյմար Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա ապահովեցին տարեշրջանի իրենց 24-ական կէտերը` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ: Ռէալ Մատրիտ, որ իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ կը գերազանցէ Պարսելոնան, 3-1 արդիւնքով յաղթեց Լաս Փալմասի, մինչ Պարսելոնա Կեթաֆէի (2-0): Ռէալի կոլերը նշանակեցին Իսքօ (4-րդ), Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (14-րդ) եւ Խոսէ Ռոտրիկես (43-րդ), իսկ Պարսելոնայի կոլերը`...

Արարատ Յարութիւնեան 5 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած ժողովին ընթացքին որոշեց 5 մրցումով կախակայել Շիրակ Գիւմրիի մարզիչ Արարատ Յարութիւնեանը: Ֆետերասիոնին որոշումով, Շիրակ ենթարկուեցաւ 100 հազար դրամի տուգանքի: Այս երկու պատիժներուն պատճառը այն է, որ Փիւնիկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարին հասցէին լուտանքներ արձակուած էին:

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթանակով Սկսաւ Տարեշրջանը

Երէկ սկսաւ Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը, ՀՄԸՄ Պէյրութ - Սփորթ Ֆիլ բացման մրցումով, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ, Մար Ռուքոզ: ՀՄԸՄ Պէյրութ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 8-2 արդիւնքով (կիսախաղ` 5-0) պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Վաղը` կիրակի, 1 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, մրցում ունի կատարելիք նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատի դաշտին վրայ իր...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ախա Ահլի Ալէյ

ՀՄԸՄ-ի երէկուան փորձերէն Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ախա Ահլի Ալէյի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէին ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտած է, ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ արձանագրելու  տարեշրջանի իր...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Չելսի – Լիվըրփուլ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ պիտի կատարուին բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Անոնց կարգին պիտի ըլլայ Չելսի - Լիվըրփուլ հանդիպումը, մանաւանդ որ մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի պաշտօնը վտանգուած է Չելսիի հետ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ              ԺԱՄ Չելսի (15) - Լիվըրփուլ (9) 14:45 Քրիսթալ Փալաս (7) - Մանչեսթըր...

Ասիոյ Պասքեթպոլի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Պարտուեցաւ Թայուանէն

Լիբանանի տղոց կրտսերներու ազգային խումբը (16 տարեկան), որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ասիոյ կրտսերներու 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ 94-86 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Թայուանէն: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթած էր հիւրընկալ երկրին` Ինտոնեզիոյ, այսօր կը կատարէ Ա. հանգրուանի իր վերջին մրցումը` Պանկլատեշի դէմ: Երէկուան մրցումին Լիբանանէն Սալիմ Ալաէտտին նշանակեց 30 կէտ, իսկ...

Ուլիս` Տնտեսական Բաւական Նեղ Կացութեան Մատնուած

Հայկական մարզական լրատուամիջոցներ երէկ անդրադարձան Ուլիս ֆութպոլի ակումբին, որ տնտեսական բաւական նեղ կացութեան մատնուած է, ծանր ժամանակներ կ՛ապրի եւ նոյնիսկ վտանգուած է անոր` Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ընթացիկ ախոյեանութիւնը շարունակելու հարցը: Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերջին տասը օրերու ընթացքին Ուլիս միայն չորս փորձ կատարեց, ինչ որ բնականաբար իր վատ անդրադարձը ունեցաւ մանաւանդ խումբին...

Ծանրաբարձութիւն. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Մեկնեցան Քազան

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականները ուսումնամարզական հաւաքի մը համար մեկնեցան Քազան (Ռուսիա): Անոնց համար այս ուսումնամարզական հաւաքը պիտի ըլլայ նախապատրաստական վերջին հանգրուանը, նախքան աշխարհի ախոյեանութեան սկսիլը: Այս հաւաքը կ՛աւարտի 16 նոյեմբերին, որմէ ետք հաւաքականները կը մեկնին Հիուսթըն (Միացեալ Նահանգներ), ուր տեղի կ՛ունենայ աշխարհի ախոյեանութիւնը:...

Պասքեթպոլ. Հայաստանի 20 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Դարձեալ Ելոյթ Պիտի Ունենայ Եւրոպայի Ախոյեանութեան Մրցումներուն

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար հաւաքականը դարձեալ ելոյթ պիտի ունենայ Եւրոպայի 2016-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան: Թէեւ այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 16-24 յուլիս 2016-ին, սակայն անոր կայացման վայրը եւ մասնակցող երկիրներուն անունները ցարդ անորոշ են: Նշենք, որ Հայաստան 2-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Առաջին անգամ (այս տարի), հայրենի կազմը կատարելով...

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Սփորթ Ֆիլ

ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը Այսօր` ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ- Սփորթ Ֆիլ բացման մրցումով կը սկսի Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), երեկոյեան ժամը 21:00-ին: Ախոյեանութեան կը մասնակցի նաեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Բ. խմբակ), որ կիրակի, 1 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն-Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ներկայացուցիչներ Խորհրդակցական Հանդիպում

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը` Ա. դասակարգի ակումբներու ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի պասքեթպլի ֆետերասիոնին միջեւ: Այս նիստը կը գլխաւորէր ֆետերասիոնին նախագահը` Ուալիտ Նասսար: Ընդհանրապէս քննարկուեցաւ նոր տարեշրջանին 3 օտարականներու ձեռքբերման հարցը, մանաւանդ որ ատոր համաձայն գտնուած էր Ա. դասակարգի ակումբներուն մեծամասնութիւնը: Յայտարարուեցաւ, որ ախոյեանութեան ազդանշանը պիտի տրուի դեկտեմբերի կիսուն եւ պիտի աւարտի...

Page 1168 of 1275 1 … 1,167 1,168 1,169 … 1,275

Արխիւներ