Մովսիսեան Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Ռէալ Սոլթ Լէյք
Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, շատ հաւանաբար վերադառնայ Ռէալ Սոլթ Լէյք, այս մասին կը տեղեկացնէ Ռէալ - Սոլթ - Լէյք - Սոփպոքս կայքը: Կը հաղորդուի, որ շատ հաւանաբար ռուսական ակումբը ձմրան ընթացքին ձերբազատի իր մարզիկէն, որովհետեւ անիկա այդքան ալ յոյսեր չի կապեր Մովսիսեանի հետ: Նշենք, որ Սպարտակի հետ 29 տարեկան Մովսիսեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:
