Vesti.kz կայքը կը հաղորդէ, որ իր գումարած ժողովին Աքթոպէ իր մարզիկներուն տեղեկացուց, որ անոնք պէտք է նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսին` նկատի ունենալով, որ անոնք չեն կրնար մնալ կազմին հետ:
Բոլոր մարզիկները, բացի` 8 ֆութպոլիստներէ, պիտի հեռանան ակումբէն: Անոնցմէ 3-ը ապագայ խոստացող երիտասարդներ են, երկուքը` Ղազախստանի հաւաքականի անդամ, իսկ երեքը քիչ աշխատավարձ կը ստանան:
Մնացած բոլոր ֆութպոլիստները, որոնց կարգին` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, մաս պիտի կազմեն այլ խումբերու:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ այդ փոփոխութիւններուն պատճառը ակումբին պիւտճէին կրճատումն է:
Նշենք, որ Ղազախստանի աւարտած ախոյեանութեան ընթացքին Աքթոպէ գրաւեց 3-րդ դիրքը: