Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, շատ հաւանաբար վերադառնայ Ռէալ Սոլթ Լէյք, այս մասին կը տեղեկացնէ Ռէալ – Սոլթ – Լէյք – Սոփպոքս կայքը:
Կը հաղորդուի, որ շատ հաւանաբար ռուսական ակումբը ձմրան ընթացքին ձերբազատի իր մարզիկէն, որովհետեւ անիկա այդքան ալ յոյսեր չի կապեր Մովսիսեանի հետ:
Նշենք, որ Սպարտակի հետ 29 տարեկան Մովսիսեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին: