Ռէալ Մատրիտի խմբապետ Սերճիօ Ռամոս, հակառակ իր ստացած վնասուածքին, մտադիր է իր մասնակցութիւնը բերել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանին, երբ անոր կազմը կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Պարսելոնայի դէմ:
Սպանացի յետսապահը յայտարարեց, որ նախ պիտի մասնակցի այս «Քլասիքօ»-ին, ապա պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան:
Ռամոս վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած 11-րդ հանգրուանի մրցումին գետին իյնալով վիրաւորեց իր ուսը: