Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ շատ հաւանաբար 2016-ի ամրան վերադառնայ ակումբի աշխատանքին:
«Ֆութպոլ Իթալիա» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք, 46 տարեկան մասնագէտը շատ հաւանաբար դարձեա՛լ գլխաւորէ Եուվենթուսը:
Եուվէի այժմու մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալեկրի «Քալչիօ»-ի 2015-2016 տարեշրջանէն ետք հաւանաբար լքէ իր պաշտօնը, որովհետեւ նպատակ ունի մարզիչի իր ասպարէզը շարունակելու Անգլիոյ մէջ:
Կը խօսուի նաեւ այլ տարբերակի մը մասին:
Եթէ Սինիսա Միհայլովիչ չկարենայ իր ակումբին` Ա. Սէ. Միլանին «Չեմփիընզ լիկ»-ի տոմս մը ապահովել, Քոնթէի Միլանօ փոխանցումը կրնայ իրականութիւն դառնալ: